Ակնոցներ՝ Արցախի երեխաներուն
(ԱԶԱՏ ՕՐ) Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, արդէն երկրորդ տարին է, որ կենսական իւրայատուկ օժանդակութիւն մը կը հասնի Արցախի կարիքաւոր երեխաներուն, շնորհիւ յոյն բարերար պրն. Սթաւրոս Քոյիսի ազնիւ մատուցման։









