2000 հանդիսատեսներու սիրտն ու հոգին գրաւեց Ալեքսանեանը
2000 հանդիսատեսներու սիրտն ու հոգին գրաւեց Խրիսթինա Ալեքսանեանի մենակատարումը՝ Անժէլ Քուրթեանի դժուարին ու պահանջկոտ դերով: Յուզում, ցասում ու զգայնութիւն՝ Խրիսթինա Ալեքսանեանի եւ Հայկ Եազըճեանի ճարտար կատարումներով