$107,200 raised at the Armenian National Committee of Australia Annual Banquet [VIDEOS]

SYDNEY: The Armenian National Committee of Australia’s (ANC-AU) Advocacy Week ended with a climax on Friday, 20th October with the organisation’s Annual Banquet raising an amazing $107,200 to further Armenian and Armenian-Australian interests in public affairs over the next 12 months.


[OPENING VIDEO OF THE ANC-AU ANNUAL BANQUET, THE COMMUNITY SAYING “WE ARE HAI TAD”]

ANC-AU’s night of nights also honoured legendary Australian newsman, George Donikian with the “ANC-AU Armenian-Australian Community’s Friend of the Year” award, acknowledging his efforts in bringing to light his former network employer SBS’s unacceptable editorial policy of referring to the Armenian Genocide with euphemisms. He also revealed his family story as a descendant of Armenian Genocide survivors when promoting the release of Hollywood epic, The Promise.

Donikian was unable to attend the event due to a new role in radio, however he sent a video acceptance message, while the award was received on his behalf by fellow legendary news anchor and the evening’s superstar Master of Ceremonies, John Mangos.

The keynote speaker at the Annual Banquet was ANC America’s Communications Officer, Elizabeth Chouldjian. She delivered a rousing endorsement of the activities of her ANC colleagues in Australia, while giving background of some of the most important “Hai Tad” work being done by her and her team in Washington D.C. and across the 50 states of the United States.

Chouldjian called on the community to support ANC-AU as they bring their important contribution to the combined efforts of Armenian National Committees around the world, in seeking justice for the Armenian Genocide, fighting for the rights to self-determination in Artsakh (Nagorno Karabakh), strengthening Armenia, and representing Armenian community interests.

ANC-AU used this banquet to draw light to the 20th anniversary of the passing of the first Armenian Genocide resolution, which was by the NSW Parliament in 1997. Then-Premier, Bob Carr and then-Opposition Leader, Peter Collins delivered messages by video, along with current Premier Gladys Berejiklian to honour this anniversary of what was a significant milestone.

ANC-AU Managing Director Vache Kahramanian highlighted the noticeable succession planning that was yielding results for his organisation, with a focus on the new administrative assistants keeping the office ticking and the growing collaboration between ANC-AU and the Armenian Youth Federation of Australia (AYF-AU).

Kahramanian touched on ANC-AU’s activities over the last 12 months, including lobbying activities, The Promise premiere, ANC-AU assistance in forming and staffing the board of the Armenian Legal Centre for Justice and Human Rights, exposing of Azerbaijan’s Caviar Diplomacy through mass media, and more.

This advocacy work culminated in the most recently completed Advocacy Week. This resulted in two powerful MP statements in Federal Parliament against Azerbaijan’s anti-peace policies and actions in Nagorno Karabakh (click here to read more and see videos of speeches).

ANC-AU Board Member, Taleen Shamlian also spoke to introduce the gathered to the new “Australia-Armenia Inter Parliamentary Union”, which was formed earlier in 2017. Earlier during this Advocacy Week, the group hosted a historic Federal Parliament screening of The Promise (click here to read more on this).

Shamlian explained the goals of this group of over 50 MPs and Senators from Federal Parliament before inviting Co-Chair Trent Zimmerman MP to address the audience.

Zimmerman was joined by his Federal Parliamentary colleagues in Julian Leeser MP and Jason Falinski MP, both of whom addressed the audience to reaffirm their supportive position on Armenian issues of interest.

The NSW State Parliament was represented by Jonathan O’Dea MP, Walt Secord MLC, Rev. Fred Nile MLC, David Clarke MLC and former MLC, Amanda Fazio.

Premier Gladys Berejiklian could not attend in person, but was represented by her parents, Mr and Mrs Krikor and Arsho Berejiklian, who had the honour of receiving their daughter’s Award on behalf of the Republic of Armenia’s Diaspora Ministry. The Ministry’s Australian advisor, Hanriet Andriasian handed the award over after reading a message from Minister Hranush Hakobyan.

The evening was full of entertainment, from MC John Mangos running a competitive auction with marquee items including signed and framed Henrikh Mkhitaryan (Manchester United) and Lionel Messi (Barcelona) jerseys, to a beautiful solo dance by the Hamazkaine Armenian Sydney Dance Company’s Colette Mardirossian.

Two of the highlights on a night where new faces adorned the Banquet stage, was ANC-AU Board member Garineh Torossian’s video and on-stage interviews with Admin Assistants, Olivia Dilanchian and Michael Kolokossian, then with ANC-AU Melbourne Chairperson, Asbed Boymoushakian (video below features video interview with admin assistants).

$107,200 was raised as the audience endorsed ANC-AU’s 2018 advocacy plan in emphatic fashion.

“We thank our partners and the community from the bottom of our hearts,” said ANC-AU Managing Director, Vache Kahramanian. “Every year, they step up and do the bidding to ensure truth and justice has a messenger on behalf of Armenia and the Armenian people in the hallways of Parliaments across Australia, and that messenger… that soldier, is the Armenian National Committee of Australia.”

107,200 Տոլար հանգանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Տարեկան Ճաշկերոյթին Ընթացքին

(ARMENIAN ONLINE) Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Պահանջատիրական Շաբաթը աւարտեցաւ Տարեկան Ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 107,200 Տոլար որ պիտի յատկացուի Հայ Աւստրալական հանրային աշխատանքներուն:

Սոյն ճաշկերոյթին պատուուեցաւ Աւստրալահայ տաղանդաւոր լրագրող Ճորճ Տօնիկեան <<Հայ Դատի Յանձնախումբի Հայ եւ Աւստրալացի համայնքներու Տարուան Բարեկամ>> շքանշանով: Տօնիկեան, նախկին լուրերու հեռարձակող ԷՍՊԻԷՍ Հեռատեսիլի կայանէն, ի յայտ բերաւ եւ դատապարտեց սոյն կայանի անընդունելի մեղմ կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ: Երբ Խոստումը ֆիլմին ցուցադրութիւնը կ’ըլլար Աւստրալիոյ մէջ Տօնիկեան հրապարակաւ յայտարարեց թէ իր ընտանիքին պատմութիւնը առնչուած էր Ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ:

Տօնիկեան չկարողացաւ ներկայ ըլլալ ճաշկերոյթին Րատիոյի մէջ ստանձնած իր նոր պաշտօնին պատճառաւ: Ան ուղարկած էր վիտէօ-արձանագրութիւն պատգամ մը: Իր կողմէ Շքանշանը ստացաւ իր մօտիկ ընկեր, լուրերու անմրցելի հաղորդավար եւ այս գիշերուան հանդիսավար՝ Ճոն Մանկոսը:

Գլխաւոր բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յարաբերութեանց Գրասենեակի Պատասխանատու Եղիսաբէթ Չուլճեան:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն ԱՄՆի 50 նահանգներու մէջ: Չուլճեան կոչ ուղղեց Աւստրալահայ համայնքին նեցուկ կանգնելու Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, որ աշխարհացրիւ Հայ Դատի Յանձնախումբերուն հետ համատեղ պայքար կը մղէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքներուն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու արդարութեան ի նպաստ:

Ճաշկերոյթը կը զուգադիպէր Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի ցեղասպանութեան ճանաչման 20րդ տարեդարձին (1997): Պաստառի վրայ սփռուեցան 1997ին Նահանգապետ Պոպ Քարի եւ Ընդդիմութեան ղեկավար Փիթըր Քոլինզի ճառերը ինչպէս նաեւ այժմու նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեանի վիտէօ պատկերասփռումը այս կարեւոր տարեդարձին առիթով:

Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան լուսարձակի տակ առաւ այն կարեւոր աշխատանքը որ կը վերաբերի Հայ Դատի աշխատանքները վստահելու նոր սերուդի ներկայացուցիչներու եւ անոնց գործակցութիւնը Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հետ:

Գահրամանեան անդրադարձաւ Յանձնախումբին տարած 12 ամսուան աշխատանքներուն ներառեալ Խոստումը ֆիլմի առաջին պատկերասփռումը, Յանձնախումբին ներդրումը Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական Կեդրոնին խնամակալ կազմին կազմութեան եւ մարդուժ տրամադրելու անոր, Ատրպէյճանի Քաւիարի Քաղաքականութիւնը Աւստրալական մետիային սեփականութիւնը դարձնելը եւայլն:

Պահանջատիրական Շաբաթուան ընթացքին Դաշնակցային Խորհրդարանի երկու անդամներ յանդուգն արտայայտութիւններով ելոյթ ունեցան եւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի Արցախի մէջ խաղաղութեան հաստատման դէմ որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ առած գործնական քայլերը: եզրափակեց Գահրամանեան:

(click here to read more and see videos of speeches)

Հայ Դատի Յանձնախումբի խնամակալ մարմնի անդամուհի Թալին Շամլեան խօսեցաւ նորակազմ (2017 թիւին) <<Աւստրալիա-Հայաստան Միջ Խորհրդարանական Միութեան>>մասին: Պահանջատիրական շաբթուան ընթացքին այս խմբակցութիւնը կատարած էր պատմական պատկերասփռումը Խոստումը ֆիլմին Դաշնակցային Խորհրդարանի սրահին մէջ: (click here to read more on this)

Շամլեան բացատրեց նպատակը այս խումբին, որ կ’ընդգրկէ 50է աւելի երեսփոխաններ եւ Ծերակոյտի անդամներ, ապա ան հրաւիրեց Խմբակին աթոռակից ատենապետ Թրէնթ Զիմըրմանը տալու իր խօսքը:

Զիմըրմանի կ’ընկերանային իր պաշտօնակիցները՝ Ճուլիըն Լիսըր եւ Ճէյսըն Ֆալինսքի: Խորհրդարանի երեք անդամները իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին ներկաներուն զօրակցութիւն յայտնելով հայկական պահանջատիրութեան:

Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը կը ներկայացնէին Ճոնաթան Օտէյ, Ուոլթ Սէքորտ, Ֆրէտ Նայլ, Տէյվիտ Քլարք եւ Ծերակոյտի նախկին անդամ Ամանտա Ֆազիօ:

Նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեան անձամբ չկարողացաւ ներկայ ըլլալ, զինք ներկայացուցին իր ծնողքը՝ Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Արշօ Պէրէճիքլեաններ,որոնց պատիւը տրուեցաւ իրենց դստեր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան շքանշանը ստանալ ձեռամբ նախարարութեան Աւստրալիոյ Խորհրդատու Տիկին Հանրիէթ Անդրիասեանի: Տիկին Անդրիասեան կարդաց նաեւ երկլեզու պատգամը ուղղուած նահանգապետուհիին Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ:

Արհեստավարժ հանդիսավար Ճոն Մանկոս լաւագոյնս ճոխացուց ձեռնարկը իր սրամիտ կատակներով եւ վարած աճուրդով, որուն մաս կը կազմէին Հէնրիկ Մխիթարեանի (Մանչէսթր Իւնայթտ) եւ Լիօնէլ Մէսիի կողմէ (Պարսելոնա) ստորագրուած շապիկներ: Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամպլի մենապարուհի Քոլէթ Մարտիրոսեան հանդէս եկաւ գեղեցիկ մենապարով:

Շատ երիտասարդ նոր դէմքեր տիրական ներկայութիւն էին ձեռնարկի ընթացքին, յանձինս Ասպետ Պօյմուշաքեանի (նորընտիր ատենապետ Մելպուրնի Հայ Դատի յանձնախումբին), Օլիվիա Տիլանչեանի եւ Մայքըլ Գոլոգոսեանի(վարչական փոխ պատասխանատուներ): Խնամակալութեան անդամ Կարինէ Թորոսեան այս վերջին եւկու երիտասարդներուն հետ կատարեց հարցազրոյց մը (տեսնել video-ն)

$107,200 հանգանակուած գումարին համար Վաչէ Գահրամանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին նեցուկ հանդիսացողներուն եւ գործընկերներուն: << Ամէն տարի անոնք այստեղ գալով ապահովութիւնը կը ստանան որ արդարութիւնն ու իրականութիւնը յանուն Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդին Աւստրալական Խորհրդարանին մէջ սուրհանդակ մը ունին, եւ այդ սուրհանդակը, այդ զինուորը՝ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբն է>>:

Նկարներու համար տեսնել հոս:

Վանայ Ձայնի հարցազրոյցը Եղիսաբէթ Չուլճեանի հետ

ԱՄՆ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեանի հետ, Վանայ ձայնի Հայկական աշխարհի լուրեր ծրագրէն, Ինտիանա նահանգին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, Միջին արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան համագումարին եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի advocacy week-ի եւ այդ շաբթուան իր մասնակցութեան մասին:

Armenia TV (Australia) – Interview with ANC America’s Elizabeth Chouldjian

Armenia TV (Australia)’s Garineh Torossian interviews visiting Communications Director of the Armenian National Committee of America, Elizabeth Chouldjian. Chouldjian was the international guest of honour at the Armenian National Committee of Australia’s Advocacy Week and Annual Banquet in October, 2017.

Հարցազրոյց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ

(ARMENIA ONLINE) Արմենիա հեռատեսիլը կը ներկայացնէ հարցազրոյց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին Գահրամանեան կ’անդրադառնայ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջատիրական շաբթուայ աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ տարեկան ճաշկերոյթի եւ Հայ Դատի կողմէ տարուած զանազան աշխատանքներուն մասին:

Գահրամանեան նաեւ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէ յանձնախումբի 2018 թուականի նախատեսած ծրագիրները:

Վանայ Ձայնի հարցազրոյցը Վաչէ Գահրամանեանի հետ

(ARMENIA ONLINE) Լիբանանի մէջ գործող <<Վանայ Ձայն>> ռատիոկայանը Երկուշաբթի 13 Նոյեմբեր 2017ին <<Հայկական Աշխարհի Լուրեր>> յայտագիրը հարցազրոյց մը կազմակերպած էր Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ:

Հարցազրոյցի ընթացքին Գահրամանեան խօսեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն մասին յատկապէս անդրադառնալով Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջատիրական աշխատանքներուն:

Անդրադառնալով Աւստրալիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու կողմէ տարուած քարոզչական աշխատանքներուն Գահրամանեան ըսաւ << Հակառակ զոյգ կառավարութիւններու կողմէ ծախսուած հսկայ գումարներուն, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը իր համեստ սակայն արհեստավարժ կարողութիւններով կը կատարէ իր աշխատանքը որովհետեւ արդարութիւնը մեր կողքին է>>:

<<Ոչ՝ Թուրքիոյ եւ ոչ ալ՝ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն վառած քաղաքականութիւնը իր մեծ արձագանքը գտած է Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերուն մէջ շնորհիւ մեր գրասենեակի եւ աշխատակազմի կողմէ կատարուած հսկայ եւ աննախընթաց քարոզչական աշխատանքներուն որուն արդիւնքով 2013 թուականին Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը՝ Նիու Սաութ Ուէլզը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը>> աւելցուց Գահրամանեան:

Հարցազրոյցը ամբողջովին կրնաք ունկնդրել՝