Եւրոպահայութեան 4-րդ Համագումարի Երկրորդ Օրուան Նիստերը Տեղի Ունեցան Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Երէկ` հինգշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2017-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարի 2-րդ նիստը: Խորհրդաժողովի 2-րդ օրուան բացման նիստին ընթացքին անգլերէնով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիարքի, Ֆրանք Էնկել եւ Էլենի Թէոխարուս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` նշելով, որ կլոր սեղաններու ընթացքին պիտի խօսուի գրասենեակին եւ եւրոպահայութեան համար շատ կարեւոր նիւթերու` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցերուն մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին որոշումներէն մէկը որդեգրուած է այստեղ` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլերը շատ կարեւոր են ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան դատապարտման համար, այլ նաեւ անոր կանխարգիլման համար:

Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները` վեր առնելով անոնց, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է: Ան նաեւ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ վերջերս տեղի ունեցած Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանին, զայն կոչեց պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ իմաստալից երկխօսութեան կեդրոն մը, որ նուիրուած է խաղաղութեան ու արդարութեան: Վեհափառ հայրապետը ներկաներուն յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը այլեւս միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերող հարց մը չէ, այլեւ մաս կը կազմէ միջազգային ընտանիքը հետաքրքրող հարցերուն:

Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պնդում մը չէ, այլ պատմական իրողութիւն մը, որ կարելի չէ ժխտել` աւելցնելով, որ զայն ինչ ալ կոչենք, անոր նպատակն ու գործադրութիւնը ցեղասպանական էին: Թուրքիան կրնայ զայն ժխտել եւ կարգ մը պետութիւններ կրնան մերժել զայն ճանչնալ` մեկնելով աշխարհաքաղաքական նկատառումներէ, սակա՛յն ատիկա պատմական իրողութիւն մըն է, իսկ լուռ մնալը երկրորդ ցեղասպանութիւն մըն է: «Գիտեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հարցը դիւրին հարց մը չէ, այլ բարդ ու բազմերես, սակայն պէտք է շարունակենք իրաւական լուծումներ գտնել», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` յոյս յայտնելով, որ եկեղեցական բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձը կրնայ փոխհատուցման առաջին շօշափելի եւ իրատեսական քայլը ըլլալ:

Խօսելով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին համար Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ յարուցուած դատական հարցին մասին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ այդ քայլին դիմուած է, որովհետեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անպատասխան ձգած է հայկական եկեղեցական կալուածներու վերադարձին վերաբերեալ իր նամակը: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը կաթողիկոսութեան ներկայացուցած դատը նկատած է անընդունելի` առաջարկելով, որ թրքական տեղական դատարաններուն դիմելու ընտրանքը չէ սպառած: Արամ Ա. կաթողիկոս զարմանք յայտնեց այդ որոշումին նկատմամբ` նշելով, որ դատարանը քաջ կը գիտակցի, որ Թուրքիոյ մէջ որեւէ դատարան պիտի չհամարձակի դատ ներկայացնել թրքական դատարանի մը: Ան յոյս յայտնեց, որ դատարանը ընդունի դատը` հիմնուելով ժողովրդավարութեան ու արդարութեան եւ իր սկզբունքներուն վրայ:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկել յայտնեց, որ երբ Լիւքսամպուրկ ձեռնարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին, իրեն հարցուցած են, թէ. «ի՞նչ պիտի փոխէ», պատասխանը պարզ էր` «այլ ցեղասպանութիւններ պիտի կանխարգիլէ»:

Խօսելով Թուրքիոյ մասին Էնկել յայտնեց, որ պետութիւն մը, որ իր անցեալին հետ չ՛առերեսուիր, ապագայ չունի` աւելցնելով, որ 80 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիր մը կրնայ ներողութիւն խնդրել 3 միլիոննոց ժողովուրդէ մը, սակայն Թուրքիոյ զարգացումները ցոյց կու տան, որ այդ յոյսը կը չքանայ:

Ան յայտնեց, թէ չի կարծեր, որ քանի մի օր առաջ Մալթայի մէջ լրագրողի սպանութիւնը առնչութիւն չունի Ազրպէյճանի հետ, մանաւանդ որ լրագրողը ազրպէյճանական ապօրինի ֆինանսաւորման շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէր:

Ան ըսաւ, որ Ազրպէյճան երբեք Արցախը հանգիստ պիտի չձգէ, ան այդ մէկը պիտի կատարէ այն ժամանակ միայն, երբ Եւրոպական Միութիւնը ճնշում բանեցնէ: Քաթալոնիոյ հարցին լոյսին տակ հողային ամբողջականութիւնը այսօր մեծ կարեւորութիւն ստացած է Եւրոպական Միութեան համար, եւ այդ եզրը «միակ աղօթքն է, որ կ՛ըսենք». սակայն այդ հողային ամբողջականութիւնը կարելի չէ բռնի ուժով պահպանել` ի հեճուկս այդ պետութեան մէջ ապրիլ մերժող ժողովուրդի կամքին:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Մարիա Սփիարքի յայտնեց, որ հայկական սփիւռքը աշխուժ մէկ մասն է եւրոպական համայնքներուն: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ մեծ աշխատանք կատարուած է, սակայն տակաւին աշխատանքը կը շարունակուի: Երեսփոխանը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ միջոցներով, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ ոք կրնայ ժխտել:

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան թուեց Հայ դատի յանձնախումբերու գլխաւոր նպատակները` նշելով, որ Հայաստան 2 կողմերէն պաշարուած է բռնատիրական ու թշնամական պետութիւններով: «Հայերը երբեք պիտի չընդունին, որ ցեղասպանութիւնը կրկնուի», ըսաւ ան:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Էլենի Թէոխարուս նախապէս արձանագրուած տեսերիզի մը ճամբով ներկաներուն յղեց իր ողջոյնները` նշելով. «Միտքս ու հոգիս միշտ սիրելի Ղարաբաղի կողքին է»: Ան յայտնեց, որ ինք միշտ կը պայքարի Հայաստանի իրաւունքներուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքներուն համար եւ պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման համար աշխատիլ:

Օրուան առաջին կլոր սեղանի զեկուցավարն էր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Թուրք մարդկային իրաւանց գործիչ եւ հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլու դժբախտաբար չկրցաւ ներկայանալ եւ իր մասնակցութիւնը բերել ընտանեկան հրատապ հարցի մը պատճառով:

Ա. կլոր սեղանի երկրորդ զեկուցաբերն էր Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւաբանական կեդրոնի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, որ ներկայացուց կեդրոնի նպատակներն ու առաջնահերթութիւնները: Ան նշեց, որ 50 տարի առաջ ՄԱԿ-ի անդամ էին 100 երկիրներ, այսօր այդ թիւը հասած է 193-ի, այսինքն` 93 երկիրներ աւելցած են, որոնց անկախութեան հիմնաւորումները Արցախի անկախութեան հիմնաւորումէն տարբեր չէին:

Օրուան երկրորդ եւ վերջին կլոր սեղանը կը բաղկանար երկու մասերէ: Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն նուիրուած մասին մէջ ելոյթ ունեցաւ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, որ յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: Անցեալ 2 տարիներուն ընթացքին 2 կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները աննախադէպօրէն աշխուժ եղած են: Փոխադարձ այցելութիւններուն թիւը շատ մեծ էր եւ ստորագրուած են շարք մը համաձայնութիւններ: Ան նշեց, որ Հայաստան յաջող կերպով յարգած է Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութիւններու ծիրին մէջ իր ստանձնած բոլոր յանձնառութիւնները:

«Մեզի համար կարեւոր են Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող սկզբունքային կեցուածքները, որոնք մեծ նպաստ կը բերեն տագնապի խաղաղ լուծման» ըսաւ ան: Դեսպանը յայտնեց, որ յառաջիկայ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ընթացքին պիտի ստորագրուի Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համապարփակ ամրագրուած գործակցութեան համաձայնութիւնը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քայլերու ծառայութեան բաժինի պատասխանատու Ճիովանի Քրեմոնի նշեց, որ այդ ուղղութեամբ այսօր բաւական լաւատես է, սակայն տակաւին անդամ երկիրներու առնչուած կարգ մը հոլովոյթներ գոյութիւն ունին: Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծէ գործի նոր առիթներ, տնտեսական ապահովէ եւ ելեւմտական միջոցները պիտի դարձնէ հասանելի:

Եկհելոնեան համալսարանէն պատմաբան փրոֆ. Անտրէյ ժիկայ խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին յայտնեց, որ Հայաստանի ամբողջ պատմութիւնը Արցախի տագնապին պատճառով վերածուած է հակամարտութեան դաշտի: Ան ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը միայն քաղաքական եւ տնտեսական չէ, այլ նաեւ անհամընկնելի մշակոյթներու տագնապ: «Անցեալին տիրելը անբաժանելի մասն է ներկային տագնապին պատմագրութիւնը կ՛առաջնորդէ սխալ քաղաքականութեան: «Հելլօ Թրաստ» կազմակերպութեան ականազերծման շրջանային տնօրէն Ապ Պոտի խօսելով Արցախի մէջ իր կազմակերպութեան գործունէութեան մասին ըսաւ, որ ատիկա մարդկային իրաւանց հիմնարար սկզբունքներէ անվտանգ կեանքի ապահովումն է: Ապա ամփոփ կերպով ներկայացուց Արցախի մէջ ականազերծման գործողութիւնը, որ սկսած է 1995-ին, իսկ 2000-էն ի վեր անխափան կերպով կը գործէ շրջանին մէջ աշխատատեղ ապահովելով աւելի քան 200 տեղացիներու, որոնք կը կատարեն գործին մեծամասնութիւնը: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ տարի ամերիկեան ֆինանսաւորումով անոնց թիւը կը ձգտի բարձրացնել 400-ի: Պոտի նշեց, որ Արցախի մէջ տակաւին կը մնան ականուած 86 շրջաններ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ 6 յունուար 1992-ին Արցախի անկախութեան հռչակումը ամբողջովին համահունչ էր տակաւին գոյութիւն ունեցող Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն: Ան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը գրեթէ ամբողջութեամբ կը գտնուի Արցախի իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ, իսկ միջազգային ընտանիքը Լեռնային Ղարաբաղը կը հասկնայ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ: Ան բազմաթիւ հին ու նոր օրինակներ ներկայացուց Ազրպէյճանի բռնատիրութեան, փտածութեան եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան վերաբերեալ` աւելցնելով, որ Արցախի անկախութեան այլընտրանքը այսպիսի երկրի մաս կազմելն է:

Նշենք, որ վերջին կլոր սեղանի զրուցավարն էր ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան:

Երկօրեայ համագումարի աւարտին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց, որ երկու օրուան ընթացքին քննարկուած են հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն եւրոպահայութիւնը: Համագումարի կազմակերպումը դժուար ու բարդ էր: Ան համոզում յայտնեց, որ անիկա օգտակար էր, եւ 5-րդ համագումարին ընթացքին հարցերը կը լուծուին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիարքիին, Ֆրանք Էնկելին եւ Էլենի Թէոխարուսին, որոնք օժանդակած են համագումարի կազմակերպման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ զեկուցաբերներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի անձնակազմին ու ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբին` ընդգծելով, որ Եւրոպայի հայերը միասնաբար պիտի պայքարին մեր դատերու արդար լուծման համար:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Պրիւքսել

Այդ համագումարները շատ մեծ նշանակություն ունեն ԵՄ-ում հայկական տեսակետները ներկայացնելու առումով

(1in.am) «Առաջին լրատվական»-ի զրուցակիցն է Պրահայում լույս տեսնող հայալեզու «Օրեր» ամսագրի գլխավոր խմբագիր Հակոբ Ասատրյանը:

–Պարոն Ասատրյան, Եվրոպայի հայկական չորրորդ համագումարն է կայացել է Բրյուսելում: Արդյո՞ք մասնակցել եք: Տեսակետ կա, որ այն ավելի շատ դաշնակցական ժողով է հիշեցնում: Որքանո՞վ են եվրոպահայերն այնտեղ ներկայացված:

-Իհարկե, կային Հայ դատի կառույցների ներկայացուցիչներ, բայց նաև կային տարբեր համայնքներից մարդիկ, որոնք անկուսակցական էին, Բելգիայի ՀԲԸՄ-ից կային, տարբեր միությունների ներկայացուցիչներ, Փարիզի «Նոր Հառաջ» թերթի խմբագիրը, որը ևս կուսակցական չէ։ Չեմ կարող ասել, որ բոլոր համայնքներից նույն ձևով կային, որովհետև ես ցանկը չեմ տեսել, բայց մոտ 100-150 մարդ կար և կային մարդիկ, ովքեր տարբեր համայնքներից եկել էին, որոնք ավանդույթի համաձայն՝ մասնակցում են։ Այնպես չէ, որ ՀՅԴ Հայ դատի ներկայացուցիչներն էին։ Իհարկե, գերակշռող մասն իրենք էին, բայց կային նաև անկախ ներկայացուցիչներ։ Հայտարարությունը մի քանի ամիս բաց հրապարակված էր, և ով ցանկություն ուներ, կարող էր գրանցվել և գալ մասնակցել, որևէ սահմանափակում չի եղել։ Այդ իմաստով, թուրքերն ու ադրբեջանցիները կարող էին գալ և Եվրախորհրդարանի այդ նիստին մասնակցել։ Այսինքն՝ բաց է եղել, զուտ կուսակցական ժողով չէր։ Հայ դատի Եվրոպայի հանձնախումբն էր, այդ իմաստով կարող է, իհարկե, տպավորություն թողնի, որ միայն դաշնակցականներն էին եկել, բայց այդպես չէր։ Բացի այդ, բանախոսների մեծ մասը ևս դաշնակցականներ չէին, մասնագետներ էին, որոնք ՀՅԴ-ի հետ կապ չունեին։ Իհարկե, կային նաև ՀՅԴ ներկայացուցիչներ, որ զեկուցումներ կարդացին, բայց իրենք կանչել էին այս կամ այն ոլորտի մասնագետների։

-Իսկ Դուք ընդհանրապես ինչպե՞ս եք գնահատում նման համագումարների անցկացումը։ Փաստորեն, սա թվով 4-րդն էր։ Արդյո՞ք այն կարող է կապող օղակ լինել։

-Ես մասնակցել եմ որպես անկախ լրագրող, խմբագիր բոլոր 4 համագումարներին և պետք է ասեմ, որ այդ համագումարները շատ մեծ նշանակություն ունեն ԵՄ-ում հայկական տեսակետները ներկայացնելու առումով, Արցախի խնդիրը շոշափելու առումով։ Ե՛վ Արցախից է բարձր մակարդակի մասնակցություն եղել, և՛ Հայաստանի ԱԳ նախարարներն են մասնակցել, և՛ Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունից, և՛ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսությունից հոգևորականներ միշտ մասնակցել են։ Ուզում եմ ասել, որ սա Եվրոպայի մակարդակով մի ժողով է, որտեղ քննության են առնվում այդ պահին եվրոպահայությանը հուզող կարևոր հարցեր։ Ե՛վ հայապահպանությունը, և՛ լեզվի վիճակը, համայնքի կառույցների վիճակը, և՛ Հայ դատին, և՛ Արցախին օգնելու խնդիրները։ Այս տարիների ընթացքում բավականին տարբերությունը զգացվում է, որ, օրինակ, Արցախի հարցում բավականին ավելացել են շփումները, եվրոպացիների մոտ Արցախը ներկայացնելու միջոցները և շատ լավ է, որ, ասենք, այդ կառույցները՝ թե՛ Հայ դատի հանձնախումբը, թե՛ ՀԲԸՄ-ի Եվրոպայի գրասենյակը, թե՛ Եվրոպայի հայ ընկերների խումբը, որտեղ հիմնականում արտասահմանցիներ են և շատ լավ համագործակցում են ՀՀ դեսպանության հետ, և այդ ամենը, համատեղ ջանքերը արդյունք տալիս են։ Մենք այս վերջին զեկուցումներում տեսանք, թե ինչքան պատգամավորներ, լրագրողներ են գնում Արցախ։ Այդ իմաստով կատարված արդյունքը երևում է։ Իսկ եվրոպահայության առումով կարևոր է, որ շփումները շարունակվում են, տարբեր երկրների համայնքների միջև կապ է հաստատվում, փորձառության փոխանակում, ճանաչողություն, ու երբ մարդիկ իրար ճանաչում են, շատ ավելի հեշտ է կապվել, մտքեր փոխանակել, տարբեր հարցերում օգնել իրար։ Այդ իմաստով այս ժողովներն ավելի գործնական են, քննարկումներն են ավելի հետաքրքիր, ավելի բոռն և սուր հարցադրումներ են դնում և շատ կարևոր է, որ սահմանված շրջանակների մեջ չես սահմանափակվում։ Սա պետական միջոցառում չի, որ իշխանավորների կողմից ճնշումներ լինեն։ Բավականին ազատ, մարդիկ իրենց մտքերն արտահայտում են, պատասխանները ստանում են։ Կարևոր է այն, որ միջազգային փորձագետներ են մասնակցում այս քննարկումներին։ Նաև հետաքրքիր է կողքից լսել նրանց տեսակետը, որոնք դրսից են, բայց Արցախի հետ համագործակցություն են ծավալում։

Ամենակարևոր բաներից մեկն այն էր, որ ֆլամանդացիների և արցախցիների միջև Բակո Սահակյանի ներկայությամբ բարեկամության խումբ ստեղծվեց, ինչը շատ կարևոր է։ Ճիշտ է, դա խորհրդարանական խումբ չէ, ոչ պաշտոնական, պատգամավորների կողմից ստեղծված խումբ է, քանի որ Արցախը չճանաչված պետություն է, բայց ամեն դեպքում, դա առաջին քայլերից մեկն է, որ տանում է դեպի Արցախի ճանաչում։

Սիրանույշ Պապյան

ԵՎՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՈՒԹՅՈՒՆԸ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՎԵՐՆԵՐԻ ԱՌԱՋ

(ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀ) Հոկտեմբերի 18-ին Բրյուսելի «Հայ տան» մեջ տեղի ունեցած Եվրոպայի հայության չորրորդ համագումարը եւ նրա շրջանակներում՝ Եվրախորհրդարանի նիստերի դահլիճում, արտգործնախարար Է.Նալբանդյանի ունեցած ծրագրային ելույթը գործունեության նոր եւ ավելի ընդարձակ դաշտ են բացում աշխարհասփյուռ հայ համայնքների համախմբման պատմության մեջ նոր էջ բացած այդ կառույցի առաջ։
Նախկինում մենք գործ ունեինք Եվրոպայի առանձին երկրներում ակտիվ գործունեություն ծավալած բազմաթիվ հայկական համայնքային կառույցների հետ։ Դրանցից մի քանիսում (Ֆրանսիա, Հունաստան, Կիպրոս, Բուլղարիա եւ այլն), հայությունն ավանդաբար լուրջ կշիռ ուներ։
Սակայն Եվրամիության, որպես մեկ ամբողջության, ձեւավորմանը զուգընթաց առաջ եկավ հայկական բոլոր համայնքները կազմակերպական մեկ ցանցի մեջ համախմբելու խնդիրը, որի լուծման հարցում անգնահատելի դեր խաղաց ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ Դատի գրասենյակը։
Եվրոպայի հայության երկօրյա համագումարն արդեն իսկ հստակորեն արձանագրել է, որ իր կշռի ու հեղինակության բարձրացմանը համապատասխանող գնահատականի է արժանանում ոչ միայն օտարների, այլեւ սեփական հայրենիքի ու ժողովրդի կողմից։ Դրա վկայությունն է նաեւ այն փաստը, որ իրենց ներկայությամբ համագումարը պատվել էին Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Առաջինը, Արցախի Հանրապետության նախագահ Բակո Սահակյանը, սփյուռքի ու արտաքին գործերի նախարարները, այլ հայազգի ու օտարազգի պետական ու հասարակական գործիչներ։
Եվրոպայի՝ որպես մեկ ամբողջության շրջանակներում, արդեն գոյություն ունեն հայության երկու՝ միմյանցից զգալիորեն տարբերվող շերտեր, որովհետեւ այստեղ ավանդական ու նոր Սփյուռքի ներկայությունը կարծես թե սկսել է հավասարակշռել մեկը մյուսին, իսկ որոշ երկրներում, օրինակ, Գերմանիայում, երկրորդն իր քանակով անգամ գերակշռություն է ձեռք բերել ավանդականի հանդեպ։
Սա լուրջ պրոբլեմներ է ստեղծում Սփյուռքում ավանդաբար իր կառույցներով գործող հայության կյանքում, քանի որ նորերը կամ հայաստանցիները չունեն այն իմունիտետը, որ ձեռք են բերել հիմնականում Մեծ եղեռնի հետեւանքով ձեւավորված համայնքները։
Թեեւ պետք է նաեւ նշել, որ ավանդական Սփյուռքի մի կարեւոր մասը նույնպես խոր կերպով է ինտեգրվել եվրոպական հասարակության մեջ, իսկ ֆրանսահայերը արդեն հիմնականում կորցրել են մայրենին։ Ուստի նոր իրավիճակը հրամայաբար թելադրում է հայկական համայնքային կառույցներին ձեւավորել այնպիսի մթնոլորտ ու պայմաններ, որ ավանդական ու նոր սփյուռքների համատեղումը նպաստի առաջինի վերահայացմանն ու երկրորդի դիմագծի պահպանմանը։
Իսկ նման խնդիրների իրականացման համար գոյություն ունեն ինչպես Սփյուռքի քաղաքական պայքարի ավանդական նպատակն դեմս Հայ Դատի, այնպես էլ վերջին տասնամյակներում դրան գումարված՝ Հայաստանի Հանրապետությանն ու Արցախին աջակցելու ծրագրերը։
Վերջիններիս իրականացմանը եւ Հայաստան-Արցախ-Սփյուռք գործակցության խորացմանը մեծապես կարող է նպաստել Հայաստան-Եվրամիություն հարաբերությունների խորացումը, որի կարեւոր հանգրվաններից մեկն է ներկայումս արդեն վերջնականացված ու նախաստորագրված «Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնված գործընկերության համաձայնագրի» վավերացման ու կյանքի կոչելու գործընթացը։
Սակայն հարկ է խոստովանել նաեւ, որ դա բավական հետաքրքրական, հաճախ էլ հակասական զարգացումներ է խոստանում եվրոպահայությանը։ Որովհետեւ, մի կողմից, այս համաձայնագիրը վերածվելու է Հայաստանի զարգացման լուրջ լոկոմոտիվի, սակայն, մյուս կողմից էլ, իր վրա զգալու է փոխադարձ ինտեգրման գործընթացի հակադարձ ազդեցությունը։
Պատճառն այն է, որ մեզանից եվրաինտեգրման հարցում առաջ անցած Վրաստանը Եվրոպայի հետ իր վիզային ռեժիմի ազատականացման պատճառով վերջին մեկ տարվա ընթացքում արձանագրել է արտագաղթի տեմպերի հիրավի կատաստրոֆիկ արագացում, որոնք սկսել են գերազանցել Հայաստանի ցուցանիշները։
Ուրեմն որեւէ նոր երեւույթ որքան էլ դրական լինի, իր հետ բերում է նաեւ բացասական հետեւանքներ, ուստի եվրոպահայությունը կանգնած է իր ոչ թե քանակական, այլ որակական ցուցանիշները բարելավելու խնդրի առաջ։
Եվրոպայի հայությունը մեր ոչ պաշտոնական դեսպանների մի հսկայական բանակ է, որի ներկայացուցիչները, ապրելով Եվրոպայի տարբեր ժողովուրդների շրջանում, միաժամանակ քաղաքակրթական մեկ ընդհանրություն են կազմում՝ ինչպես հայրենաբնակ հայության, այնպես էլ եվրոպացիների հետ։ Իսկ վերջիններիս հետաքրքրությունը Հայաստանի հանդեպ վերջին տարիներին աննախադեպ աճել է։
Այս համատեքստում նոր երանգավորում է ստանում նաեւ Ղարաբաղյան հակամարտության եվրոպական մեկնաբանությունը։ Արցախը սկսում է դիտվել որպես եվրոպական քաղաքակրթության արեւելյան սահմանագիծ, որը մշտական ուշադրության կարիք է զգում։ Եվրոպայում գործող հայկական համայնքները հնարավորություն են ստանում կազմակերպական ավելի հստակ տեսք տալու այդ մայրցամաքում սկիզբ առնող եւ ուժեղացող հայասիրական շարժմանը, որը կարող է դրսեւորվել ոչ միայն զբոսաշրջության աճի, այլեւ տնտեսական գործակցության դաշտի ընդլայնման տեսքով։
Դրա առաջին նախանշանները նույնպես նկատվում են ոչ միայն մայրաքաղաք Երեւանում, այլեւ տարբեր մարզերում բացվող եվրոպական կապիտալով ձեռնարկությունների թվաքանակի մեծացման տեսքով։
Այս ամենը կարող է բարենպաստ պայմաններ ստեղծել նաեւ եվրոպահայերի մի մասի համար, որպեսզի նրանք նույնպես նոր աչքով նայեն իրենց հայրենիքին։ Խոսքը վերաբերում է առաջին հերթին Հայաստանից մեկ-երկու տասնամյակ առաջ հեռացածներին, որոնց մի մասը պահպանել է անգամ հայրական տները։ Ուստի եվրոպական կապիտալի ներհոսքին զուգընթաց այդ հատվածը կամ նրա մի մասը կարող է վերադառնալ հայրենիք, այստեղ որոնել իր ապագան՝ արդեն որպես այս կամ այն արտասահմանյան ձեռնարկության աշխատակից, որն ավելի լավ է ճանաչում երկիրը, չունի լեզվական խնդիրներ եւ ցանկանում է անձնական բարեկեցության ապահովումը զուգորդել իր եւ իր զավակների հայկական նկարագրի պահպանման հետ։
Եվրոպայի հայության չորրորդ համագումարը, որը տեղի ունեցավ Եվրամիություն-Հայաստան հարաբերությունների համար բախտորոշ ժամանակամիջոցում, պետք է իր շարունակությունը գտնի հայկական համայնքների կազմակերպման եւ նրանց ջանքերը Հայաստանի ու Արցախի զարգացման ներկա օրակարգերի հետ համադրելու՝ սկզբունքորեն նոր ու թարմ ձեռնարկների տեսքով։

ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐՅԱՆ

Եւրոպահայերու 4-րդ Համագումարը Արդիւնաւէտ Էր Ներքին Ու Արտաքին Իմաստներով. Գէորգ Յակոբճեան

(hayernaysor.am) Հոկտեմբեր 18-19-ը Պրիւքսելի մէջ կայացաւ Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարը, որն անդրադարձաւ 4 կարեւոր թեմաներու՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքարին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, Հայապահպանութեան խնդիրներուն, Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

«Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում» խորագիրով կլոր սեղանի ընթացքին բանախօսեցին միջազգային իրաւունքի փորձագէտ Վլադիմիր Վարդանեան, Պոխումի Ռուր համալսարանի Սփիւռքի եւ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Միհրան Տապաղ: Նիստը կը վարէր Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքի հայկական իրաւաբանական կեդրոնի տնօրէններու խորհուրդի անդամ Գէորգ Յակոպճեան, որուն հետ եւ զրուցած է «Հայերն այսօր»–ը:

– Գէո´րգ, Եւրոպահայերու համաժողովին առաջին անգա՞մ կը մասնակցէիր, թէ՞ նախորդներուն ալ ներկայ եղած ես:

– Առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէի Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպած համաժողովին: Անցեալին, քանի մը առիթներով Եւրոպահայութեան մակարդակի այլ միջոցառումներու մասնակցելու առիթ ունեցած եմ, սակայն իր ձեւաչափով, մասնակիցներու բազմազանութեամբ ու բովանդակութեամբ այս համաժողովը կը տարբերէր նախորդ փորձառութիւններէն:

– Գէո´րգ, Դուն համագումարի «Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում» խորագիրով կլոր սեղանի զրուցավարն էիր ու ամէնէն երիտասարդ մասնակիցը: Ի՞նչ է քեզի համար նման պատասխանատու գործ ստանձնելը:

– Թերեւս զրուցավարներուն ամէնէն երիտասարդն էի, սակայն ե՛ւ զեկուցաբերներուն ե՛ւ մասնակիցներուն մէջ բարեբախտաբար ակներեւ էին երիտասարդներուն ներկայութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը: Երբեմն այս երեւոյթին մատնանշումը սկսած է վիրաւորական թուիլ: Ինչո՞ւ կ՛ուզենք աչք ծակել, որ երիտասարդութեան առիթ կու տանք: Խորքին մէջ, նման գործեր նուազագոյն պատասխանատու պարտականութիւններն են, որ հայ երիտասարդութիւնը կրնայ ստանձնել: Աշխարհ փոխուած է ու երիտասարդութիւնը միա՛յն դիտողի, լսողի ու ենթարկուողի հանգամանգէն անցած է նաե՛ւ ծրագրողի, դերակատարի, գործադրողի ու ղեկավարողի դաշտ:

Եւրոպայէն քանի մը փայլուն օրինակներ կարելի է վերցնել: Աւստրիոյ նոըրնտիր Վարչապետը ընդամէնը 31 տարեկան է, Միացեալ Թագաւորութեան վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն 21 տարեկան երիտասարդուհի մը ընտրուեցաւ, Ֆրանսայի նախագահը 39 էր, երբ նախագահութիւնը ստանձնեց: Կը յուսամ, որ մօտիկ ապագային շատ բնական եւ յիշատակելու անարժան երեւոյթի կրնանք վերածել արհեստավարժ ու մասնագէտ երիտասարդութեան ներգրաւումը մեր հաւաքական կեանքի բազմաշերտ ոլորտներուն մէջ: Այս չի նշանակեր սակայն, թէ երիտասարդութիւնը սորվելու կարիք ու անհրաժեշտութիւն չունի երէց սերունդներու փորձառութենէն ու գիտելիքներէն: Այսօր, մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ: Մէկ սերունդին անտեսումով բոլորս կը տուժենք: Կարեւորը, տարբեր սերունդներու պատկանող մեր ներուժին կարողականութիւնը համակարգուած ձեւով մեր հաւաքական շահերուն ի նպաստ ծառայեցնելն է:

– Ինչպէ՞ս կ’ամփոփես նիստի աշխատանքները:

– Համագումարի 3-րդ նիստի բովանդակութիւնը (Ցեղասպանութեան Յիշողութեան Կարեւորութիւնը մեր Պահանջատիրութեան ծիրէն ներս եւ պահանջատիրութեան մէջ եւ Հատուցման Գործընթացի Երեւոյթը), յոյժ կարեւոր է: Նիստի ընթացքին ներկայացուած զեկոյցները ու անոնց յաջորդած խորունկ քննարկումները ձեւով մը փակագիծերը բացին 2015-ին ընդունուած «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին: Նիստը փորձեց պատասխաններ տալ՝ ի՞նչ կը հասկնանք, ի՞նչ պէտք է գիտնանք եւ ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք, երբ Ցեղասպանութեան յիշողութեան ու հատուցման հոլովոյթին մասին կը քննարկենք:

Եթէ ոմանք մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ սփիւռքը կը հիւծի, ապա այդ հիւծացման գործընթացին մէջ ամէնէն առաջ մեր հաւաքական յիշողութիւնը կը խամրի: Այս պատճառով մեր հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու համար ջանքեր պէտք չէ խնայել: Հատուցման գործընթացին պարագային, քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներուն կողքին, իրաւական իրատես, արհեստավարժ, զգոյշ, համակարգուած ու միացեալ ռազմավարութիւն որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը անվիճելի է:

– Գէորգ, քեզի ի՞նչ փորձառութիւն տուաւ համագումարը:

– Համագումարը արդիւնաւէտ էր ներքին ու արտաքին իմաստներով: Հայաստանի եւ Արցախի պետական այրերուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայութիւնը ու մասնակիցներուն հետ հաղորդակցութիւնը գօտեպնդիչ էին: Բաւականին դրական էր, Եւրոպայի տարբեր անկիւններէն համաժողովին մասնակցող արեւմտահայ ու արեւելահայ զանգուածներու ներկայութիւնը, ինչ որ այլ նմանատիպ հաւաքներու յաճախակիօրէն կարելի չէ հանդիպիլ: Այսինքն, համաժողովը, ներքին իմաստով հանդիպման արդիւնաւետ միջավայր ստեղծելու եւ քննարկումներ կատարելու նպաստեց տարբեր ու զանազան «պաքկրաունտներ» ունեցող Եւրոպահայերուն համար:

Արտաքին գետնի վրայ, համաժողովը Եւրոպական քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներուն յստակ պատգամներ փոխանցեց՝ Եւրոպահայութեան ցանցային կարողութիւններուն եւ ներուժին, ինչպէս նաեւ Եւրոպահայութիւն–Հայաստան-Արցախ ամուր յարաբերութիւններու առկայութեան մասին:

Համաժողովը Հայաստանի հզօրացման, Հայաստան-Եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններու ամրագրման, Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման ու Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման ազդեցիկ քարոզչութիւն կատարեց, ինչպէս նաեւ որպէս կազմակերպուած հաւաքականութիւն՝ Եւրոպական բազմամշակութային խճանկարին մէջ ազդեցիկ մասնիկ մը ըլլալու իրականութիւնը փոխանցեց:

Լուսինէ Աբրահամեան

Վանայ Ձայն, Բաց Քննարկում

Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ. Նիւթ՝ “Եւրոպահայութեան 4րդ եւ Սփիւռք-Հայաստան 6րդ համաժողովներու արժեւերում”

Պայքարի Հրամայականը

(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) Պրիւսէլը՝ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքը, դարձած է մշակոյթներու և քաղաքակրթութիւններու հանդիպումի և բախումի կեդրոնավայր։ Քաղաքական ղեկավարներ, տնտեսագէտներ, մշակոյթի ու գիտութեան զանազան ասպարէզներու մարդիկ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ կը հասնին այնտեղ իրենց ազգային դատը, հաւաքական շահը պաշտպանելու և կամ անձնական նպատակով՝ գործ, ուսում, զբօսաշրջութիւն։
Այս եռուն միջավայրին մէջ Յանուն արդարութեան և ժողովրդավարութեան Եւրոպայի Հայերու դաշնակցութիւնը (իմա՝ EAFJD եւ կամ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը) իր 4-րդ համագումարը կազմակերպեց Հոկտեմբեր 18-19-ին՝ երկու օրուան երկայնքին, ուր նոյնպէս աշխարհի չորս ծագերէն Հայութեան տարբեր ներկայացուցիչներ՝ պետական, կրօնական, կուսակցական, մշակութային, երիտասարդական, կրթական, եւ Հայ դատի մասնագէտներ, եկած էին միասնաբար խորհրդածելու ապագայի ռազմավարական ծրագրերու շուրջ, հաշուետւութիւն կատարելու մօտիկ անցեալին իրագործուած աշխատանքներուն մասին։
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած համագումարը Պրիւսէլի նման բազմազգ կեդրոնի մէջ՝ համահունչ էր տիրող միջավայրին գոյութիւն ունեցող աշխարհաքաղաքական միջազգայնացած պայքարներուն։ Ան ունէր ճիշդ հնչողութիւն իր բովանդակութեամբ եւ հրաւիրեալ զեկուցաբերներու ընտրութեամբ, արծարծուած նիւթերու կարեւորութեամբ։ Նպատակայարմար որոշում էր նաեւ համագումարին լման մէկ օրուան (Հոկտեմբեր 19) նիստերուն ծրագրումը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ուր Հայ դատի հետապնդումին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մերձեցման, Արցախի անկախութեան նեցուկ հանդիսանալու կարեւոր խնդիրներու քննարկման մասնակցեցան եւրոպացի խորհրդարանականներ, մասնագէտներ, դէտեր։
Որքան ալ Հայերը Եւրոպայի մէջ բնակչութեան քանակով՝ չնչին միաւոր մը ներկայացնեն, այսուհանդերձ, Հայ դատի հետապնդումը պէտք ունի չափուելու, բախելու եւրոպական արժէքներուն, պահանջներուն եւ չափանիշերուն, ծանօթացուելու Եւրոպայի մայրաքաղաքին մէջ։ Այս առումով Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած 4-րդ համագումարը էական գործողութիւն մըն էր։
Իսկ այս առթիւ Ֆլամանական ու Վալոնական խորհրդարաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծումը, նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի ներկայութեամբ, քաղաքական շատ կարեւոր նուաճում մըն էր։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք համագումարները որքան ալ կարևոր հանդիպումներ ըլլան Հայութեան գլխաւոր երկու հատուածներէն անձեր քով-քովի բերելու տեսանկիւնէն, որքան ալ հոն արծարծուող նիւթերը էական ըլլան Հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրները քննարկելու առումով՝ անոնք կը մնան ապարդիւն, ոչ-գոհացուցիչ, իրենց զուտ ներհայկական բնոյթին, ներպետական քարոզչական մեքենային խիստ ենթակայութեան պատճառով։
Բարեբախտաբար, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած համագումարը կրցաւ պահպանել հաւասարակշռութիւնը հայկական պետական և կրօնական ներկայացուցչութեան և այլ մասնագիտական ներկայացուցիչներու, զեկուցաբերներու միջեւ։
Այս՝ 4-րդ համագումարին կարեւոր երեւոյթներէն էր Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին՝ հատուցման գործընթացին իրաւական գետնի վրայ հետապնդումը, հոգ չէ թէ՝ դար մը ուշացումով։ Այս առընչութեամբ՝ Արամ Ա. վեհափառի ներկայութիւնը եւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերստացման ուղղուած անոր դատական նախաձեռնութիւնը կարեւոր մեկնակէտ կը հանդիսանան Հայ դատի գրասենեակին կողմէ Armenian Legal Center-ի հիմնադրման, որուն պատասխանատւութիւնը ստանձնած է Քեն Խաչիկեան։
Բարեբախտաբար, Համագումարի աւարտին չհրատարակուեցաւ ազգը փրկելու կոչուած հռչակագիր։ Տարուած տքնաջան աշխատանքը շատ համեստ է բաղդատած Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ գործի լծուած աշխարհաքաղաքական մտայնութիւններուն և շահերուն, անոնց ետին գտնուող ռազմավարական կեդրոններու տարած աշխատանքին և ի գործ դրած դրամագլուխին։ Յամրաքայլ նուաճումները կը մնան իսկական կայուն յառաջխաղացք։ Յանուն արդարութեան՝ պայքարը շարունակելու շարժիչ։

Ժ.Չ., Խմբ. «Նոր Յառաջ»ի,
26 Հոկտեմբեր 2017

EAFJD: THE CENTRE OF ARMENIAN ACTIVISM IN EUROPE

The 4th European Armenian Convention, organized by the European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD), was a great discourse on paving a comprehensive pathway for the Armenian Cause (Հայ Դատ) in Europe.

Held on October 18-19, 2017 in Brussels, the convention brought together Armenian and European officials, politicians, diplomats, religious leaders, academics, media, civil society organizations and Diaspora representatives to discuss the challenges and the ways ahead to promote Armenian Genocide recognition and reparations, ensure the self-determination of Nagorno Karabah-Artsakh, assist the Homeland, promote EU-Armenia relations, help maintain the Armenian identity (հայապահպանում) and strengthen the Diaspora. It had a broad agenda, yet it was able to crystallize the challenges facing us and to outline a practical strategy for the pursuit of the objectives set by the EAFJD. In this process, the convention came to demonstrate that the EAFJD (Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ) is the centre of Armenian activism in Europe.

As a grassroots organization, as well as serving as the centre connecting the Armenian communities throughout Europe, the EAFJD is challenged to further strengthen its base in order to promote the Armenian Cause more effectively and to continue its efforts to lobby the interests of the Armenian people by getting local Armenian communities involved in the European political process.

The first step in this direction is to rally the European Armenian youth for political action. Broad based internship programs should become our primary concern to achieve this purpose. EAFJD has the will and the potential to recruit our youth, to train them and to activate them for Hay Tad. Just like our sister Armenian National Committees throughout the Diaspora, we have to educate, motivate and activate our youth in Europe. We not only owe this to our youth, we are also obligated to do it for our Cause. Our Cause is the Armenian Cause. It is the cause of every Armenian.

Serving for over 15 years as the political arm of European Armenians, the EAFJD will continue the hard work toward the realization of a free, independent and united Armenia.

Nayiri Ohanian

«ԵՎՐՈՊԱՀԱՅԵՐԻ 4-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ. ԱՌԱՋ ԵՎ ՀԵՏՈ». Հարցազրոյց Գասպար Կարապետյանի եւ Վահրամ Էմմիյանի հետ

Համասփյուռք. Մհեր Հովհաննիսյան, Գասպար Կարապետյան, Վահրամ Էմմիյան, Ազդակ, Բրյուսել, Բեյրութ 10.11.2017

(armradio.am) Թեմա՝ Ո՞րն է Հայաստան-Եվրոպա հարաբերություններում Սփյուռքի դերակատարումը, կա՞ն արդյոք տեղաշարժեր այս ուղղությամբ, ունե՞նք գործակցություն Եվրոպայի Հայկական Սփյուռքի միջև, որո՞նք են համագործակցության օրակարգային հարցերը:
«ԵՎՐՈՊԱՀԱՅԵՐԻ 4-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ. ԱՌԱՋ ԵՎ ՀԵՏՈ» թեմայի շուրջ բարձրացված հարցերի պատասխանները փորձել են տալ «ՀԱՄԱՍՓՅՈՒՌՔ» հաղորդման 9-րդ թողարկման ժամանակ:
Հյուրերն էին՝
1. Բրյուսելից Հ.Յ.Դ. Եվրոպայի Հայ Դատի Հանձնախմբի Նախագահ Գասպար Կարապետյանը:
2. Բեյրութի «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերի խմբագիր Վահրամ Էմիյանը: