ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողով. Միջին Արեւելքի Մէջ Հայութեան Եւ Հայ Դատին Վերաբերող Տարբեր Հարցերու Եւ Մարտահրաւէրներու Օգտաշատ Քննարկում

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 սեպտեմբերին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի խորհրդաժողովը: Սոյն խորհրդաժողովը կ՛իյնար շրջագիծին մէջ խորհրդակցական այն հանդիպումներուն, որոնք հերթաբար տեղի

կ’ունենան տարածաշրջանային մակարդակի վրայ` քննարկելու համար տուեալ տարածաշրջանին մէջ Հայ դատի գրասենեակներուն ու տեղական յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները եւ ուղենշելու ապագայ ընելիքները:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:30-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անունով խորհրդաժողովին բացումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ նշեց, թէ Հայ դատի այսպիսի տարածաշրջանային խորհրդաժողովները որոշակի հերթականութեամբ տեղի կ՛ունենան, որովհետեւ իրենք կը հաւատան, որ այսպիսի խորհրդաժողովներու ընդմէջէն առիթը կը ստեղծուի աւելի խոր կերպով քննարկելու Հայ դատի դիմագրաւած այժմու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալու իւրաքանչիւր տարածաշրջանի Հայ դատի յանձնախումբերուն վերապահուած դերին ու գործունէութեան: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այսօր ուրախ է յայտարարելու, որ ինք միակ կուսակցութիւնն է, որ աշխարհի 35 երկիրներու մէջ ունի պաշտօնական կազմակերպական ներկայութիւն, եւ այդ 35 երկիրներուն մէջ կան նաեւ Հայ դատի յանձնախումբեր: Իսկ կան նաեւ կարգ մը երկիրներ, ուր կազմակերպուած գաղութ չկայ, բայց կան Հայ դատի մարմիններ: Ան նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հայ դատի յանձնախումբերու մէջ միայն կուսակցականներ չկան, այլ նաեւ ներառուած են համակիրներ:

Այնուհետեւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ներկայացուց Հայ դատի հասկացողութեան ներկայ սահմանումը: Ան ըսաւ, որ ներկայիս, Հայաստանի վերանկախացումէն եւ արցախեան գոյամարտէն ետք, Հայ դատը կը սահմանուի նախ եւ առաջ ոչ թէ լոկ ինչպէս անցեալին էր` միայն Հայոց ցեղասպանութիւն եւ պահանջատիրութիւն, այլ Հայ դատի օրակարգը աւելի եւս ճոխացած է եւ` ընդարձակուած, անոր մէջ ընդգրկուած են հայոց պետականութեան (Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններով) հիմքերու ամրապնդումը, անոր միջազգային հեղինակութեան բարձրացումը եւ Հայաստանի օգտին լոպիինկի աշխատանքը: Այդ աշխատանքները կը կատարուին ամէնուրեք, Հայ դատի բոլոր յանձնախումբերն ալ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը ծաւալեն: Հայ դատի հասկացողութեան ներկայ սահմանումին մէջ երկրորդ կէտը անցեալէն եկող Ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան հարցն է: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած է, մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են մանաւանդ վերջին 20 տարիներուն, բայց ամբողջականացած չէ այդ հոլովոյթը: Ներկայիս կը բացուի ամբողջութեամբ նոր էջ, որ պահանջատիրութեան ծրագրային եւ սկզբունքային սահմանումէն անդին անցնելու խնդիրն է, այդ ամբողջ հոլովոյթը օրինական մակարդակի հասցնելու խնդիրն է, այս նպատակով ալ անցեալ տարի ստեղծուեցաւ յատուկ կեդրոն մը` «Արմինիըն լիկըլ սենթըր»-ը, որուն կեդրոնատեղին Ուաշինկթընի մէջ է, բայց զուտ ամերիկեան հիմնարկ չէ, այլ անոր խորհուրդին մէջ կան բոլոր տարածաշրջաններէն անդամներ: Երրորդ կէտը Հայ դատի ներկայ սահմանումին հայապատկան հողերուն վրայ հայութեան իրավիճակին խնդիրն է: Այդ կէտին մէջ կ՛իյնան նաեւ ջաւախահայութեան իրաւունքներու հետապնդման վերաբերող հարցերը: Կայ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան հարցը: Իսկ չորրորդ կէտը ժողովուրդին քաղաքականացումն է եւ` մասնաւորաբար արեւմտեան աշխարհին մէջ ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը մղել, որ քաղաքական կեանքին մաս կազմէ, չըլլայ միայն դիտող:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը բացատրեց, որ Հայ դատի համակարգը բաժնուած է գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու: Յանձնախումբերը կամաւորական աշխատանքի վրայ հիմնուած տեղական մարմիններն են, իսկ գրասենեակները Հայ դատի 24 ժամուան բանակն են, որոնց առաքելութիւնն է տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ յառաջ մղել Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները: Ներկայիս Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակներուն թիւը հինգ է: Կան նաեւ շրջանային գրասենեակներ` Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ:

Վերա Եագուպեան

Այնուհետեւ խորհրդաժողովի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը: Ան նշեց, որ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը հաստատուեցաւ 2005-ին, հաւատալով, որ Միջին Արեւելքը կարեւոր ենթահող է Հայ դատի աշխատանքներուն համար: Ան յայտնեց, որ բոլորին ծանօթ են վերջին ժամանակաշրջանին Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհի վերիվայրումները, քաղաքական ու ապահովական անկայունութիւնը, որուն պատճառով հայկական կարեւոր օճախներ մատնուեցան դժուար վերականգնելի իրավիճակներու: Սակայն Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն մէջ Հայ դատի յանձնախումբերը կը շարունակեն իրենց ընթացիկ աշխատանքները` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, եւ այս խորհրդաժողովին նպատակներէն մէկն է վերաշխուժացնել այս աշխատանքները: Վերա Եագուպեանը դրուատեց Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբը, որ հակառակ դժուար պայմաններուն` կատարեց կարեւոր աշխատանք: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց անցնող ժամանակաշրջանին Լիբանանի եւ Իրանի Հայ դատի մարմիններուն կատարած աշխատանքը: Միջին Արեւելքի շրջանի կարգ մը յանձնախումբեր անցնող 12 տարուան ընթացքին նոր շունչ եւ որակ բերին Հայ դատի աշխատանքներուն` փորձելով համակարգել ճիգերը քարոզչական, յարաբերական եւ ակադեմական մակարդակներու վրայ, սակայն այս աշխատանքները կը մնան անբաւարար:

Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ այս հանդիպման ընթացքին պէտք է սկսիլ քննարկել այս հարցը` յստակացնելով խնդիրները եւ առաջադրելով մօտեցումներ, որոնք կրնան դիւրացնել ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի ռազմավարութիւնը եւ գործունէութիւնը Հայ դատի ուղղութեամբ` Միջին Արեւելքի մէջ, նկատի ունենալով իւրաքանչիւր երկրի մէջ քաղաքական եւ ապահովական յարափոփոխ վիճակը:

Միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներու Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հակիրճ ձեւով ներկայացուցին իրենց յանձնախումբերու գործունէութեան կարեւորագոյն բնագաւառները: Ներկաները այդ ուղղութեամբ հարցումներ ուղղեցին անոնց:

Կարճ դադարէ մը ետք ժողովականներուն միացաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ զեկուցեց Հայաստան-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը: Ան նախքան իր խօսքին սկսիլը` շնորհաւորեց ներկաները Արցախի Հանրապետութեան 26-ամեակին եւ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի բացման առիթով: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նշեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը բնորոշուի «բազմաշառաւիղ» եզրոյթով: «Մենք կը փորձենք մեր արտաքին քաղաքական յարաբերութիւնները չսահմանափակել որեւէ երկրի կամ երկիրներու խումբի կամ տարածաշրջանի հետ, այլ կը փորձենք ըստ կարելւոյն բազմակողմանի դարձնել մեր յարաբերութիւնները: Այդ յարաբերութիւնները ունին տարբեր մակարդակներ:

Առաջին տեսակը դաշնակցային յարաբերութիւններն են որոշ երկիրներու եւ երկիրներու խումբերու հետ, նախ եւ առաջ այդպիսի դաշնակցային յարաբերութիւններ մենք ունինք Ռուսիոյ հետ, նաեւ կայ անվտանգութեան տեսանկիւնէն մեր անդամակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, ինչ որ դաշնակցային պարտաւորութիւններ կը նախատեսէ անոր անդամ երկիրներուն համար: Անոր շարունակութիւնը կը հանդիսանայ նաեւ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան», ըսաւ դեսպան Մկրտչեան` աւելցնելով միաժամանակ, որ Հայաստան նաեւ շատ սերտ գործընկերային յարաբերութիւններ ունի արեւմտեան երկիրներու, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան եւ եւրոպական առանձին երկիրներու հետ:

Դեսպան Մկրտչեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն թիրախային ուղղութիւններն են նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրները, Լատինական Ամերիկան, Ծայրագոյն արեւելքի երկիրները, որոնց շարքին` Չինաստանը, Ճափոնը եւ այլն: Միջին Արեւելքի երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ստանան քանի մը հանգամանքներով: Նախ` կան պատմական առնչութիւնները, որովհետեւ հայ ժողովուրդը պատմութեան բերումով միշտ ներկայ եղած է Միջին Արեւելքի մէջ եւ ոչ միայն սերտ կապեր ունեցած է տարածաշրջանի նախկին եւ ներկայ պետութիւններուն, ժողովուրդներուն հետ, այլ նաեւ իր մշակութային եւ այլ բնոյթի ժառանգութեան հետքերը ձգած է այս տարածաշրջանին մէջ:

Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ պատմականօրէն տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած են հայահոծ գաղթօճախներ: Տարածաշրջանը Հայաստանի անկախ հանրապետութեան համար կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ անիկա աշխարհագրականօրէն շատ մօտ է Հայաստանին, եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական, ապահովական եւ այլ իրադարձութիւնները, Հայաստանը ուզէ թէ չուզէ, նաեւ ազդեցութիւն կ՛ունենան մեր երկրի եւ Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն վրայ: Միջինարեւելեան տարածաշրջանը Հայաստանի համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ տնտեսական առումով, որովհետեւ Հայաստանը կը փորձէ նաեւ բազմակողմանի դարձնել իր տնտեսական յարաբերութիւնները: Դեսպանի զեկուցումէն ետք հարց ու պատասխանի առիթ տրուեցաւ:

Ճաշի դադարէն ետք միջինարեւելեան այլ երկիրներու Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ եւս անդրադարձան իրենց տարած գործունէութեան տարբեր երեսներուն` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ իւրաքանչիւրը ունի գործելաոճի իր յատուկ ձեւերը, զորս կը պարտադրեն տուեալ երկրին դրուածքն ու պայմանները:

Համացանցային կապի միջոցով խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, որ զեկուցեց Թուրքիոյ ընդհանուր իրավիճակին եւ մասնաւորապէս ազգային փոքրամասնութիւններուն մասին: Ան նշեց, որ «փոքրամասնութիւն» հասկացողութիւնը պէտք չէ վերագրել Թուրքիոյ տարածքին ապրող փոքրամասնութիւններուն, քանի որ Թուրքիոյ ներկայ փոքրամասնութիւնները պատմութեան ընթացքին, մասնաւորապէս Ցեղասպանութեան պատճառով փոքրամասնութիւն դարձած են, մինչդեռ 1915-էն առաջ պատկերը այդպէս չէր:

Ան ըսաւ, որ Լոզանի դաշնագիրով ներկայի փոքրամասնութիւնները ստացան իրաւական կարգավիճակ, եւ անկէ ետք քանի մը փուլերով Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յստակ քաղաքականութիւն վարելով թէ՛ անոնց ֆիզիքական ոչնչացումը ապահովեց, թէ՛ ալ անոնց ինչքերուն տիրացաւ: Այս գծով Մուրատեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն պարտադրուած հարկերը, հարկերուն տոկոսները, ինչքերուն իւրացումը զանոնք հարստահարելու եւ երկրին տնտեսութիւնը անոնց հակակշիռէն բերելու քաղաքականութիւններ են:

Ան անդրադարձաւ հայերու ինչքերուն ցանկագրման նպատակներուն, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն գոյքի իւրացման, այլ նաեւ կրօնափոխ հայերու պարագաներուն ցանկագրման, որուն հիման վրայ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ունի ծածկագիրներ, ուր կ՛երեւին իսլամացած կամ թաքուն հայերուն պարագաները: Ապա Խաչիկ Մուրատեան թուեց պատմութեան այն փուլերը, որոնց ընթացքին թիրախ դարձած են ոչ իսլամները ընդհանրապէս եւ հայերը մասնաւորապէս, եւ որոնց լոյսին տակ պէտք է դիտել Թուրքիոյ հայերուն ներկայ իրավիճակը:

Եզրափակելով իր զեկուցումը` դոկտ. Մուրատեան խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ուժի երեք բեւեռներուն եւ անոնց վարած քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ Հայ դատի տարած եւ տանելիք աշխատանքներուն մասին:

Մուրատեանի զեկուցումէն ետք Թեհրանի թրքական ուսումնասիրութեան գրասենեակի պատասխանատու Գրիգոր Ղազարեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Թուրքիոյ հայ համայնքին կացութիւնը: Ան նշեց, որ Թուրքիա զանազան ձեւերով կը շարունակէ իր ժխտողական եւ ուրացման քաղաքականութիւնը: Ան կը խրախուսէ հակահայ քարոզչութիւնը, ինչպէս օրինակ` դպրոցներուն մէջ դասագիրքերուն կողքին քաջալերելով շարադրութեան մրցանքները` նիւթ ունենալով հայերուն այսպէս կոչուած ապստամբութեան եւ անհաւատարիմ արարքները: Ղազարեան ապա խօսեցաւ շնորհիւ արտաքին ճնշումներուն վերջերս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն մասին: Ան նշեց, որ 2010 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կը կատարուի Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը` յիշատակելով մտաւորականներուն տարագրութիւնը եւ նահատակութիւնը: Ոգեկոչումը սկսելով Պոլիսէն, տարուէ տարի հասած է զանազան քաղաքներ, ներառեալ` մայրաքաղաք Անգարա: Ղազարեան ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան մասին չորս սերունդներու լռութենէն ետք, այսօր «ցեղասպանութիւն» բառը նոյնքան թապու չէ Թուրքիոյ մէջ, եւ աւելի շատ մարդ սկսած է հետաքրքրուիլ հայութեամբ, պատմութեամբ եւ ցեղասպանութեամբ: Այս ծիրին մէջ գիրքեր կը հրատարակուին եւ թարգմանութիւններ կը կատարուին: Ան յիշատակեց նաեւ այն կազմակերպութիւնները, որոնք կ՛աշխատին հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ ստեղծել երկխօսութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց թուային պատկերներ, ուր թրքահպատակ երիտասարդներ արտայայտուած են Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդիրին մասին, եւ ուր յատկանշական է անոնց բարձր տոկոսին ցեղասպանութեան մասին տեղեակ չըլլալը կամ կարծիք չունենալը:

Ղասսան Շամմի

Խորհրդաժողովին Բ. օրը Միջին Արեւելքի քրիստոնէական փոքրամասութիւններու իրավիճակին մասին դասախօսեց լրագրող Ղասսան Շամմի: Ան նշեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը կարելի չէ առանձնացնել տարածաշրջանին մէջ տիրող կացութենէն, ուր 7 տարիէ ի վեր տիրական է սպանդը երկու իմաստով` սպանութիւններու եւ արտագաղթի ձեւով: Խօսելով Լիբանանի մասին` դասախօսը ըսաւ թէ Արեւմուտքը տարածաշրջանին մէջ կարիքը ունի հանդարտ վայրի մը, որ կը ծառայէ իբրեւ քաղաքական հարթակ, իսկ միւս կողմէ` Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ուժեր չեն ուզեր, որ Լիբանանն ալ դառնայ պատերազմի դաշտ, հետեւաբար երկիրը զերծ կը մնայ պատերազմի տաք գօտի մը ըլլալէ:

Այսուհանդերձ, Լիբանանի մէջ քրիստոնէութեան իրավիճակը բնաւ չէ փոխուած Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ի վեր, ըսաւ ան` նշելով, որ ներկայիս ընտրական կարգ մը օրէնքներ, ինչպէս` Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը, այն օրերուն մշակուած օրէնք մըն է: Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն վիճակագրութեան մասին` Ղասսան Շամմի ըսաւ, որ անոնք 28 տոկոս կը հաշուէին մինչեւ հայերուն ժամանումը, որմէ ետք Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն թիւը բարձրացաւ 52 տոկոսի, համեմատութիւն մը, որ սակայն ներկայիս եւ մանաւանդ պատերազմէն ետք տարբեր վիճակ կը ներկայացնէ: Խօսելով քրիստոնեաներուն ներկայ կացութեան մասին` դասախօսը դիտել տուաւ, որ քրիստոնեայ պետեր իրարու հետ համադրելու հարց ունին, այդ պատճառով ալ կը տուժէ քրիստոնեայ ժողովուրդը, որուն վիճակը անորոշ կը մնայ եւ չի բարելաւուիր:

Խօսելով Սուրիոյ մասին` ան մանրամասնօրէն ներկայացուց պատերազմին գործած աւերները եւ մասնայատուկ տեղ յատկացուց Հալէպ քաղաքին` դիտել տալով, որ անիկա Միջին Արեւելքի համաշխարհային քաղաքն է, որուն քրիստոնեաները գործօն մասնակցութիւն ունէին անոր կեանքին, սակայն իսլամներուն հետ շատ քիչ մտերմիկ յարաբերութիւններով: Ապա ան թուեց հայերուն, ասորիներուն եւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն վիճակները եւ տեղափոխութիւններու պատճառով քաղաքներու պատկերին փոփոխութիւնը:

Ան նաեւ ներկայացուց Արեւմուտքին նայուածքը Սուրիոյ քրիստոնէութեան վերաբերեալ`մատնանշելով, որ խորքին մէջ այդքան ալ պարզ ու գաղթական հիւրընկալելու վիճակ մը չէ ստեղծուածը, այլ աւելի շատ իր շահերէն մեկնած օգտագործելի մարդուժը իր երկրին տնտեսութեան զարգացման համար շահագործելն է: Ղ. Շամմի նաեւ ներկայացուց Իրաքի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի քրիստոնեաներուն պարզած իրավիճակը` տալով վիճակագրական տուեալներ ու անդրադառնալով նաեւ իւրաքանչիւր երկրի քաղաքական վիճակին:

Շամմիի դասախօսութեան յաջորդեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին զեկուցումը: Ան դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող հայերը պէտք չէ դիտել իբրեւ միատեսակ քրիստոնէութեան մէկ մասնիկը եւ նոյնացնել անոնց ճակատագիրները, քանի որ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր իւրայատկութիւնն ու քաղաքական ուղղուածութիւնը, իսկ միւս կողմէ` ներքին առումով մենք ամէնուրեք ունինք ինքնութեան պահպանման եւ հայօրէն գոյատեւման խնդիր: Բագրատունի անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներուն արտագաղթին, որուն ետին կան շատ աւելի մեծ ծրագիրներ եւ միջազգային քաղաքականութիւն, որուն երբեմն նեցուկ կը կանգնին նաեւ պատասխանատու հաստատութիւններ, որոնք պէտք եղածին չափ նախանձախնդիր չեն քրիստոնեաները այս երկիրներուն մէջ պահելու առումով: Ապա Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնած ինքնութեան պահպանման ծառայող տարբեր ֆոնտերուն, որոնց նմանը լիբանանեան քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ ոչ մէկ ուժ հաստատած է: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ քրիստոնեայ մնալը բաւարար չէ հայութեան համար, որովհետեւ հայը ունի երկու հիմնական խնդիր, առաջին` մնալ հայաստանամերձ շրջաններուն մէջ, երկրորդ` չկորսնցնել Միջին Արեւելքի մէջ մեր գոյութիւնը, որովհետեւ մեր հայկականութիւնը, ինքնութիւնը կը կորսնցնենք, ինչ որ հսկայական մարտահրաւէր է, եւ անոր դէմ յանդիման կանգնիլը հրամայական է բոլորիս համար:

Ժողովականները երկօրեայ իրենց նիստերուն ընթացքին մանրամասն քննարկումներ կատարեցին տարբեր նիւթերու վերաբերեալ, որոնցմէ գլխաւորներն են Հայաստանի, Արցախի եւ ջաւախահայութեան համար քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանք ծաւալելու տարբեր կարելիութիւնները, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան առումով շրջաններուն մէջ առկայ կարելիութիւնները եւ հաւանական պայմանները, Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան կամ ջարդերու զոհ գացած ազգային փոքրամասնութիւններուն հետ գործակցելու դրական ու ժխտական կողմերը: Անոնք նաեւ խօսեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակին մասին` ծանրանալով յատկապէս Սուրիոյ հայութեան վրայ, որ վերջին տարիներուն բաւական դժուար պայմաններու դէմ յանդիման գտնուեցաւ: Կարեւոր օրակարգերէն էր նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ հայ երիտասարդներու ներգրաւումը, որուն գծով շեշտը դրուեցաւ այն երեւոյթին վրայ, որ դասական եւ քիչ մը ժամանակավրէպ դարձած գործելաոճի փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է այսօրուան պայմաններուն մէջ ապրող ու գործող երիտասարդը մասնակից դարձնելու ազգային կեանքին, անոր աշխատանք վստահելու, զայն մղելու, որ ձեռնամուխ ըլլայ Հայ դատի տարբեր բնագաւառներուն մէջ ծաւալող գործին:

Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, զոր հրատարակեցինք մեր 5 սեպտեմբերի թիւով:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում` «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում`

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում` «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

«Հայ դատի մարզերը եւ մարտահրաւէրները» նիւթով: Զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ. Թեհրանէն` ՀՅԴ Բիւրոյի Թրքական հարցերու ուսումնասիրութեան գրասենեակի պատասխանատու Գրիգոր Ղազարեան, ՀՅԴ Թեհրանի ԿԿ-ի անդամ Արամ Շահնազարեան, Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Ինանիւսեան, Լիբանանէն` Վահրամ Էմմիեան, Իրաքէն` Յակոբ Սիմոնեան, Եգիպտոսէն` Արմէն Մազլումեան:

Վերա Եագուպեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւիրած եւ Միջին Արեւելիք Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 2 եւ 3 սեպտեմբերին, Պէյրութի մէջ` նպատակ ունենալով քննարկել Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերուն գործունէութիւնը եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները` շրջանային քաղաքական ու ապահովական ներկայ զարգացումներու լոյսին տակ: Ան նշեց, թէ նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն յաջողութիւնը պայմանաւորուած է շրջանի ներկայ ռազմա-քաղաքական իրավիճակով, հայկական գաղութներու անվտանգութեամբ, Թուրքիա-արաբական երկիրներ յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացով, ժողովը քննարկեց հետեւեալ հարցերը. ա) Միջին Արեւելքի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հնարաւորութիւնները. բ) Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան կամ ջարդերու զոհ գացած ազգային փոքրամասնութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները. գ) Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը. դ) Երիտասարդութեան ներգրաւումը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ:

Վերա Եագուպեան ըսաւ, որ խորհրդաժողովը քննարկեց նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ յանձնախումբերուն միջեւ գործակցութեան ու համակարգումի ձեւերը, որոնցմէ կախեալ է շրջանին մէջ ծաւալած գործունէութեան յաջողութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ խորհրդաժողովէն ետք կայացած է այս հրապարակային նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անիկա լաւ առիթ մըն է նաեւ լսելու ժողովուրդը: Ան բախտաւորութիւն համարեց ապրիլ այսպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հարստացած է պայքարի օրակարգը` այն իմաստով, որ ժամանակին կեդրոնացումը հիմնականօրէն Ցեղասպանութեան հետապնդման հարցին վրայ կ՛ըլլար` ճանաչում, դատապարտում, հատուցում, սակայն ներկայիս ասոր կողքին ունինք շատ կարեւոր առաքելութիւն մը` Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումը արտաքին ճակատի վրայ, անոր միջազգային հեղինակութեան բարձրացման համար տարուող աշխատանքները, թրքական-ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան հակազդելը, մեր քարոզչութեան տարածումը, մեր հայապատկան հողերուն վրայ գտնուող հայութեան իրավիճակն ու անոնց իրաւունքներու խնդիրը, ժողովուրդի քաղաքականացման հարցը:

Ան յայտնեց, որ ներկայիս աւելի քան 35 երկիրներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբը կորիզներ եւ մարմիններ ունի, եւ վերջին 5 տարուան ընթացքին բացուած են 10 նոր կորիզներ, որոնք կը գործեն ոչ դասական վայրերու մէջ: Ուստի, 45 տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող այս աշխատանքին համադրումը կը կատարէ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը: Ան նկատել տուաւ, որ սովորութիւն դարձած է տարի մը կազմակերպել տարածաշրջանային խորհրդաժողովներ, եւ յաջորդող երկու տարիներուն ընթացքին գումարել կեդրոնական խորհրդաժողով, որ ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ` աւելցնելով, որ մէկը կ՛առաջնորդէ ընդհանուր ծրագրումի, իսկ միւսը մանրամասնօրէն հարցերը կը քննարկէ: «Այսօրուան հիմնական մարտահրաւէրները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շատ աշխուժացած լոպինկի հարցն է:

Եթէ որոշ չափով տարբեր երեսներ ունին լոպինկը եւ տարուած աշխատանքը Միջին Արեւելքի մէջ, բայց այլ երկիրներու մէջ շատ խիստ պայքար կը մղուի հայութեան դէմ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ ծաւալած է հայատեաց քաղաքականութիւն, որուն մաս կը կազմէ իրենց սփիւռքի կազմակերպումը: Այս մէկը վերջին 5 տարիներու գործընթաց է, եւ կը նախատեսենք, որ տարիներու ընթացքին աւելի պիտի ծանրանայ:

Մեր այս պայքարին համար պէտք ունինք արհեստավարժ ուժերու եւ մեր ժողովրդային ամբողջական նեցուկին, որպէսզի կարենանք հակազդել եւ տանիլ նախայարձակ պայքար», շեշտեց Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրի յառաջխաղացքին իբրեւ արդիւնք նոր մարտահրաւէրներ կը բացուին, որոնցմէ է օրինական միջոցով մեր պահանջատիրութեան թղթածրարի բացման խնդիրը: Ան յայտարարեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով նախորդ տարի Ուաշինկթընի մէջ բացուեցաւ հայկական իրաւագիտական կեդրոնը, որուն վարչութեան անդամները կու գան աշխարհի զանազան կողմերէն, եւ որուն հիմնական նպատակն է ուսումնասիրել քաղաքական երեսէն անդին` օրինական ճամբով Հայ դատի հետապնդման, մանաւանդ հատուցումներու մեր ծրարին վերաբերող աշխատանքներուն ընթացքը: Եզրափակելով իր խօսքը` Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը ներկայիս մեր ամէնէն կարեւոր զէնքը եւ ուժն է, որպէսզի կարենանք մեր պայքարը տանիլ` աւելցնելով, որ մենք պատրաստ ենք լսելու զիրենք եւ որոնելու այժմէական ձեւեր:

Այնուհետեւ Արմէն Մազլումեան ներկայացուց Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքը, որ սկսած է 2006-ին եւ 10 տարիէ ի վեր կը գործեն` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայկական գաղութը պատմական կեանք ունեցող համայնք է, ասոր քաջ կը գիտակցի եգիպտացի հին մտաւորականութիւնը, սակայն նոր սերունդը շատ ծանօթութիւն չունի հայութեան եւ անոր պահանջքներուն մասին: Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումէն երեք տարի առաջ սկսած են իրենց աշխատանքը աշխուժացնել` աւելցնելով, որ իրենց թիրախը եղած էր եգիպտացի մտաւորականութիւնը, համալսարանականները, մամուլը, որոնց միջոցով կրցած են բաւական աշխատանք տանիլ եգիպտացի հասարակութեան մէջ` տեղեկացնելու մեր ինքնութիւնը, պատմութիւնը, դրական կեցուածքները երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց հիմնական աշխատանքը եղած է հարիւրաւոր յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակել եգիպտական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ քարոզչութիւն կատարել հեռատեսիլի միջոցով: Մազլումեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Հայաստան այցելող երկրորդ մեծագոյն պատուիրակութիւնն էր Եգիպտոսինը` 115 հոգի, եւ յաջողած են Հայաստանէն ուղղակիօրէն սփռել 100-ամեակի նշումը` առիթ տալով, որ Եգիպտոսի մէջ մարդիկ ծանօթանան Ցեղասպանութեան եւ հայութեան պահանջքներուն: Ան ըսաւ, որ երկրորդ կարեւոր աշխատանքը վաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութիւնն էր արաբերէն լեզուով` աւելցնելով, որ անոր նկարահանումը կատարուած է Հայաստանի, Եգիպտոսի ու Լիբանանի մէջ, եւ անիկա մասնակցած է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին, նաեւ ստացած է մետալի Հայաստանի նախագահին կողմէ: Մազլումեան նաեւ նշեց, որ տարեկան դրութեամբ Եգիպտոսէն թղթակիցներ կ՛այցելեն Հայաստան, հանդիպումներ կ՛ունենան պետական անձնաւորութիւններու հետ եւ երբ վերադառնան, եգիպտական թերթերուն մէջ կը գրեն իրենց այցելութեան եւ հանդիպումներուն մասին: Ան յայտնեց, որ աշխատանք տարած են նաեւ Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ Ցեղասպանութեան նախագիծը ներկայացնելու ուղղութեամբ եւ յաջողած են 596 անդամներէն 337-ին ստորագրութիւնը հաւաքել. ըստ անոր կը սպասուի, որ պատեհ առիթ ընծայուի եւ անիկա քուէարկութեան դրուի, որպէսզի Եգիպտոսի խորհրդարանը ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Յակոբ Սիմոնեան` խօսեցաւ Իրաքի մէջ Հայ դատի աշխատանքներու մասին եւ անդրադարձաւ անոր գործելաոճին: Ան նկատել տուաւ, որ Իրաքը ունի հարաւային եւ հիւսիսային բաժիններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատկութիւնները, պայմանները, զորս նկատի պէտք է ունենալ եւ յարգել: Ան նկատել տուաւ, որ 2003-էն ետք կացութիւնը փոխուած է, եւ իրենք կրցած են օգտուիլ տիրող ազատութենէն: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպած են 2 կարեւոր ձեռնարկներ. առաջինը` քայլարշաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, առաջին անգամն ըլլալով, որուն մասնակցեցան իրաքցիներ եւս, երկրորդ` 100-ամեակի նուիրուած համագումար, որ տեղի ունեցաւ մեծ շուքով, եւ որուն ընթացքին լաւապէս ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութիւնը, եւ իբրեւ արդիւնք արաբերէն լեզուով քանի մը գիրքեր հրատարակուեցան Ցեղասպանութեան մասին: Պասրայի եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ եւս տեղի ունեցան ձեռնարկներ:

Վահրամ Էմմիեան Լիբանանի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն անդրադառնալով դիտել տուաւ, որ անոնք միայն Հայ դատի մարմինին կողմէ չեն կատարուիր, այլ անոնց մեծ մասը կը կազմակերպուին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: Ան նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը միակ երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուստի այդ ուղղութեամբ կատարելիք աշխատանք չկայ, այլ իրենց աշխատանքները կը կեդրոնանան երեք ծիրերու վրայ. առաջին` հայանպաստ քարոզչութիւն կատարել հայանպաստ մթնոլորտի ստեղծման ի խնդիր, եւ այս ծիրին մէջ յանձնախումբը իր առաջին ձեռնարկը կատարած է ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին հետ` «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, երկրորդ` հակազդել լիբանանեան մամուլի մէջ տեղ գտած թրքական հակահայ քայլերուն կամ ապատեղեկատուութիւններուն: Էմմիեան ըսաւ, որ յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի այդ զարգացումներուն եւ հարկ եղած պարագային կը միջամտէ եւ պարզաբանութիւնները կը ներկայացնէ լիբանանեան հանրութեան: Երրորդ` Արցախի կամ Հայաստանի վերաբերեալ տարբեր իրադարձութիւններ եւ անակնկալ զարգացումներ, անոնց քարոզչական աշխատանքը կը տանին դեսպանատուներուն մօտ:

Արամ Շահնազարեան իր զեկուցումին մէջ բացատրեց, որ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛աշխատի երկրի մը մէջ, որ անմիջականօրէն սահմանակից է Հայաստանի, բարի դրացիական յարաբերութիւնները, բարեկամական կապերը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունին Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ողջ հայութեան համար եւ այդ պատճառով իրերայաջորդ Հայ դատի յանձնախումբեր միշտ փափաքած են առաջին հերթին նպաստել Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ արմատաւորման: Բնականաբար պետական յարաբերութիւնները կառուցուած են պետական մակարդակով: Անոնք նաեւ աշխատանք կը տանին հայութիւնը ներկայացնելու իրանական քաղաքական շրջանակներու, հասարակութեան, մամուլի, մտաւորական շրջանակներու մէջ` բացատրելով, թէ իրանահայութիւնը ի՛նչ կը ներկայացնէ այդ երկրին մէջ, ի՛նչ դերակատարութիւն ունի, նաեւ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնուի, ան ըսաւ նաեւ, որ Հայ դատի աշխատանք կը ծաւալի նաեւ Արցախի տագնապին ողջ իրողութեան ներկայացման մէջ, նաեւ հակահայ քարոզչութեան դիմաց իրականութիւններու ներկայացում կը կատարէ` օգտագործելով քարոզչական բոլոր կարելիութիւնները, ինչպէս` գիրքերու հրատարակութիւն, համացանց:

Գրիգոր Ղազարեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ տարիներով պայքարած ենք Թուրքիոյ դէմ` փորձելով աշխարհին պարզաբանել, որ ի՛նչ է Ցեղասպանութիւնը, բողոքել, եւ Թուրքիոյ պետութիւնը տարիներով փորձած է ժխտել եւ ուրանալ իրականութիւնը: Ան ըսաւ, որ կը փորձեն կապեր հաստատել անհատներու եւ լրագրողներու հետ: Ղազարեան նկատել տուաւ, որ շատեր ընդունած են Ցեղասպանութիւնը, ոմանք` ոչ, սակայն մեծ մասը լուռ է` աւելցնելով, որ իրենց գրասենեակին առաքելութիւնն է լուռ թուրքերուն թիւը աւելցնել, որովհետեւ ի նպաստ հայութեան կրնայ ըլլալ: Ան ըսաւ, որ իրենց համար կարեւոր է իմանալ, որ Թուրքիոյ մէջ ի՛նչ փոքրամասնութիւններ կամ ազգեր կան, որոնք հայերուն պէս կը մտածեն կամ նոյնիսկ դէմ են` մտածելով, որ ինչպէս կարելի է համագործակցիլ անոնց հետ:

Ղազարեան նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ կը կազմակերպուին, գիրքեր կը հրատարակուին նոյնիսկ թուրք մտաւորականներու կողմէ:

Աւարտին կրկին խօսք առաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ մատնանշեց հետեւեալ կէտերը. ա) Այս շրջանին մէջ Հայ դատի պայքարի համար մարտնչող Հայ դատի յանձնախումբերը տարբեր ձեւով կը տանին պայքարը, քան Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ մէջ կամ այլուր, ուր կայ քաղաքական յարաբերութիւններու հսկայական կծիկ մը, որ յանձնուած է Հայ դատի յանձնախումբերուն: Բ) Հայ դատի հետապնդման իմաստով Միջին Արեւելքը բարդ շրջան է, որ իր ունեցած այլազան առաւելութիւններու կողքին ունի նաեւ մեծ անպատեհութիւններ, սահմանափակումներ: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, կան առիթներ, զորս պէտք է օգտագործել: Գ) Մենք կարիք ունինք զարգացնելու մեր ընկերային ցանցի կարողականութիւնը, որ աւելի ազդեցիկ է, քան գրաւոր կամ բանաւոր ցանցը: Ան ըսաւ, որ հսկայական աշխատանք կայ տարուելիք այս ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ կարգ մը երկիրներու մէջ արդէն սկսած են այս աշխատանքին: Դ) 20-րդ դարուն պայքարի մէկ մասը պէտք է տանինք արհեստավարժ ձեւով:

Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն:

Հաղորդագրութիւն

2-3 սեպտեմբեր 2017-ին‚ ՀՅԴ Լիբանանի “Շաղզոյեան” կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու տարած աշխատանքը‚ դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները եւ շեշտուեցաւ աշխատանքներու այժմէականացման, առաւել թիրախաւորման ու յաւելեալ համակարգման անհրաժեշտութիւնը։

Երկօրեայ խորհրդաժողովի մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի, Արցախի եւ ջաւախահայութեան վերաբերող քաղաքական եւ քարոզչական դաշտը եւ կազմեցին աշխատանքային ծրագիր։ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը վերահաստատեցին Հայաստանի հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման, Հայաստան-միջին արեւելեան երկիրներ յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման, ջաւախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, թրքական ու ազրպէյճանական քարոզչութեան վնասազերծման, Միջին Արեւելքի մէջ հայանպաստ քարոզչութեան ու հասարակական կարծիքի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան աջակցելու իրենց վճռակամութիւնը։

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցերուն՝ ժողովը քննարկեց շրջաններու մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ջարդերու զոհ եղած ազգային փոքրամասնութիւներու հետ գործակցութեան հարցը եւ որդեգրեց համապատասխան որոշումներ։

Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները նաեւ անդրադարձան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու, մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին։ Գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ սուրիահայութեան կեանքի բնականոնացման ուղղութեամբ արձանագրուած զարգացումներուն նկատմամբ եւ շեշտուեցաւ վերականգումի հանգրուանի կարեւորութիւնը‚ ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան համընդհանուր քաղաքական աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը։

Պէյրութ 3 սեպտեմբեր 2017