On Friday 11th of August 2017, the Armenian National Committee of Lebanon (ANCL) in addressed letters to Thomas Greminger, General Secretary of the OSCE Ambassadors of Austria, EU, Germany, US, France Russia and UK to Lebanon, as well as H.E. Mr. Peter Semneby, Ambassador of Sweden in Syria expressing its regret concerning the impending closure of the OSCE Office in Yerevan which is the last representation of the OSCE in South.
The ANCL condemned Azerbaijan’s vetoing of the extension of the mandate of the OSCE Office in Yerevan and stated that Baku’s continuous efforts to undermine the OSCE Minsk Group mediation and if not resume its military aggression at least entrust the Nagorno-Karabagh conflict resolution to a “friendlier” mediation is no secret. “On July 2015, president Ilham Aliyev of Azerbaijan ordered the closure of the OSCE Office in Baku. We consider the Azerbaijani veto and the impending closure of the OSCE Office in Yerevan as part of the Azerbaijani campaign to push the OSCE out of the region, undermine its political clout in the region and ultimately undermine its role and mandate as mediator in the Nagorno-Karabagh conflict” wrote ANCL adding that the Armenian National Committee of Lebanon believes in the peaceful resolution of that conflict through the mediation of the OSCE Minsk Group chairmanship which it considers as the only acceptable international mediation.
“We call for an international pressure on Azerbaijan to revoke its veto. We encourage the OSCE to continue its cooperation with the Republic of Armenia and, if need be, to explore new ways of maintaining an OSCE presence in Armenia, and throughout that region” stated ANCL.
ԵԱՀԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակի Փակման Հարցով. ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ճնշում Բանեցնելու Ազրպէյճանի Վրայ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպիի:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ դատապարտեց դեկտեմբեր 2016-ի վերջաւորութեան ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգումը վեթոյի ենթարկելու Ազրպէյճանի քայլը` նշելով, որ այդ պատճառով ալ պիտի փակուի Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի վերջին գրասենեակը:
Հայ դատի մարմինը յիշեցուց, որ նախքան այդ` յուլիս 2015-ին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամայած էր փակել Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական դերակատարութիւնը իր շահերուն աւելի համահունչ եղող մէկ այլ միջնորդութեամբ մը փոխարինելու Պաքուի ձգտումը ծանօթ է բոլորին:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի առաքելութեան երկարաձգման դէմ կիրարկուած վեթոն կը նկատէ ԵԱՀԿ-ը շրջանէն դուրս մղելով շրջանին մէջ անոր քաղաքական ազդեցութիւնն ու մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ միջնորդի դերակատարութիւնը ականահարելու ազրպէյճանական արշաւին մէկ մասը: Մարմինը ընդգծեց, որ կը հաւատայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ խաղաղ լուծման, եւ ներկայ ձեւաչափով այդ միջնորդութիւնը կը նկատէ միակ ընդունելին:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրէ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը: