Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը պատուեց Փոքր Ասիոյ աղէտի յոյներու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը
Ատիկէի մարզպետութեան եւ Յունաստանի Գաղթականական միութիւններու կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 15 Սեպտեմբեր 2019ին, հոգեհանգստեան պաշտօն եւ դափնեպսակներու զետեղում տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, ուր հրաւիրուած էր մասնակցելու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը։









