Յունաստանի «Ստեղծագործական շարժապատկերի կեդրոնը» ծրագիր ունենալով յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, կը կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմերու երկօրեայ ցուցադրութիւն։
Այս առիթով, Միացեալ Նահանգներէն Յունաստան հրաւիրած է շարժապատկերի հանրածանօթ հայ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանը։ Կեդրոնի սոյն նախաձեռնութիւնը տեղի կ՚ունենայ գործակցաբար Գալամաթայի «Նոր շարժապատկերի ակումբ»ին եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Գալամաթայի թաղային խորհուրդը եւ համայնքը, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութիւնը։ Ծրագիրը կը վայելէ Գալամաթայի յունաց եկեղեցւոյ առաջնորդարանի աջակցութիւնը։
Կիրակի՝ 20 Հոկտեմբեր 2019ի երեկոյեան, քաղաքի «Աշխատաւորական կեդրոն»ի հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հրապարակային ելոյթ, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ քաղաքական շրջագիծը, պիտի արտասանուին խօսքեր Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան եւ շրջանի թաղային խորհուրդին կողմէ, ապա պիտի ցուցադրուի Պարէտ Մարոնեանի «Women of 1915» (1915ի կիներ) վաւերագրական ժապաւէնը։ Պիտի յաջորդէ զրոյց բեմադրիչին հետ, իսկ հանրածանօթ հայ երաժիշտ Հայկ Եազըճեան ելոյթը պիտի ճոխացնէ հայկական երգերու համերգով։
Սոյն նախաձեռնութիւնը օրինակելի երեւոյթ մըն է յունական շարժապատկերի աշխարհին համար, որ ցոյց կու տայ յոյն հասարակութեան հետաքրքրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին եւ պատմական անկիւնադարձային դէպքերուն համար, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ Յունաստանի պատմութեան վրայ, որպէս երկու բախտակից ժողովուրդներու ճակատագիր՝ նոյն ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։ Հինգշաբթի՝ 17 Հոկտեմբերին, բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան այցելեց «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը եւ ունեցաւ հետաքրքական հարցազրոյց մը, որ պիտի հրատարակուի յաջորդիւ։