Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 23-ին, Նիկոսիոյ Ռուսական Մշակութային Կեդրոնին մէջ, Պարետ Մարոնեանի՝ Women of 1915 վաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ կիպրական հասարակութեան, կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի։
Բացման խօսքին մէջ, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան փոխանցեց շրջանի Կոմիտէի խօսքը եւ ապա Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան ներկայացուց Պարետ Մարոնեանը։ Կիպրական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ ֆիլմի ցուցադրութեան եւ Չորեքշաբթի 31 Հոկտեմբերին, Sigmalive տարածուն կայքէջը պիտի հրապարակէ Պարետ Մարոնեանին հետ իրենց ունեցած հարցազրոյցը։
Պարետ Մարոնեան, իր Կիպրոս կեցութեան ընթացքին, հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ՝ ՀՅԴ Media խումբին հետ եւ հարցազրոյց մը տուաւ Կիպրոսի Ռատիօկայանի Հայկական Ժամին, որ երկրորդ անգամ ըլլալով, պիտի ձայնասփռուի Շաբաթ 26 Հոկտեմեբերին, կ.ե. ժամը 5:30-ին:
Պարետ Մարոնեանի ֆիլմի ցուցադրութեան արտասահմանէն անակնկալ կերպով ներկայ գտնուեցաւ նաեւ իր առաջին ֆիլմի գլխաւոր մեկենաս, ազգային բարերար Ալեքօ Պեզիկեան եւ իր տիկինը՝ Անին։