Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին յատկացուած յատուկ բաժինով մը, անցեալ Կիրակի 13 Հոկտեմբերին, սեմինար մը կազմակերպուեցաւ Աթէնքի արուարձաններէն Փենտէլիի մէջ, Յունաստանի եկեղեցւոյ (Interorthodox Center) եւ ֆրանսական «Yahad-In Unum»ի կրթական կազմակերպութեան կողմէ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամ ընկ. Նանօր Էրջէնեան ներկայ գտնուեցան սեմինարին, որ անգլերէն լեզուով կայացաւ, Յունաստանի տարբեր շրջաններէ ժամանած դաստիարակներու եւ օտար ուսուցիչ-փրոֆէսէօրներու ներկայութեամբ։
Ընդհանուր բնաբանն էր «Teaching and learning the history of Holocaust and connections with other Genocides (Christians of M. Asia, Armenians, indigenous people of Guatemala and the genocide of Yazidis in Syria and Iraq»։ Ելոյթներով հանդէս եկան «Yahad-In Unum»ի գործակիցներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ յոյն փրոֆ. Խրիսթոս Նասիոս։
Ընդհանուրին մէջ ներկայացուեցան Ցեղասպանութիւններու պատմական տուեալները, անոնց տնտեսական-ընկերային դրդապատճառները, հետեւանքները հետագայ սերունդներուն վրայ, իսկ յատուկ շեշտ դրուեցաւ անոնց ուսուցման վերաբերող ծրագիրներուն։ Ցեղասպանութիւններու թեմային քննարկումներու նպատակը կեդրոնացաւ՝ անոնց կանխարգիլումը ապահովելու եւ ապագային նմանօրինակ ոճիրներ չթոյլատրելու կարեւոր հանգամանքին վրայ։
Սեմինարին ներկայացուեցան հրեաներու եւ ռոմաներու դէմ հալածանքները։ Լոյս սփռուեցաւ յատկապէս նախկին Սովետական երկիրներու մէջ իրագործուած ճնշումներուն ու հալածանքներուն եւ ֆրանսական «Yahad-In Unum» կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած պատմագիտական ուսումնասիրութեան։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ եզիտիներու եւ լատինամերիկեան հնդիկներու դէմ իրագործուած ոճիրներու։
Յատուկ բաժին տրամադրուած էր Փոքր Ասիոյ մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ կողմէ, 20րդ դարու սկիզբին։
Ընկ. Նանօր Էրջէնեան, խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն շուրջ՝ վերապրողներու հաւաքական ու անհատական կեանքին վրայ։ Որպէս Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդուհի, ան խօսեցաւ պատմական յուշը վերապրումի ուժի վերածելու անհրաժեշտութեան մասին։
Երկու ընկերուհիները շեշտը դրին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան վրայ եւ անոր բանեցուցած ճնշումներուն՝ այն երկիրներուն վրայ, որոնք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճանապարհին վրայ են՝ սպառնալիքներով եւ վախի մթնոլորտի տարածումով: Բոլորին կողմէ դատապարտուեցաւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը եւ զարկ տրուեցաւ Ցեղասպանութեան պատմական փաստը ճանչնալու եւ անոր հետեւանքները վերացնելու համայն աշխարհի պարտաւորութեան վրայ:
Աւարտին, Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման առընչուած համացանցային կայքէջերու հասցէներ տրուեցան ներկաներուն, որպէս կրթական օժանդակ միջոցներ եւ ուսումնական նիւթեր։