Շաբաթ, Նոյեմբեր 9-ին Լօուըլի համալսարանի սրահին մէջ, յաջորդաբար 13-րդ տարին ըլլալով պիտի կատարուի տարեկան մեծարանքի հանդիսութիւնը։
Այս տարուան պարգեւատրուող անձնաւորութիւններն են՝ թուրք այլախոհ Թաներ Աքչամ, քոնկրէսական Ճիմ ՄըքԿավըրն (Դեմոկրատական – Մասաչուսէց), որոնք պիտի պարգեւատրուին «Ազատութիւն» շքանշանով, իսկ տարիներ շարունակ Հայ Դատին համար ծառայած՝ Արամ, Արմէն եւ Արա Ճգնաւորեաններ պիտի ստանան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը։ Օրուան հանդիսավարն է Հէտըր Քրաֆեանը (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ի շրջանային վարչութիւն)։
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար հեռաձայնել 917-428-1918 թիւին կամ գրել erbanquet@anca.org։