Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը միաձայնութեամբ (59-0) վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն:







