ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Հոլանտայի խորհրդարանի նախագահ Խատիժա Արիպին յղեց նամակ մը, որուն մէջ գնահատեց խորհրդարանին կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 24 ապրիլ 2019-ին կատարած յայտարարութիւնը դատապարտող բանաձեւի որդեգրումը:
«Արեւելեան Անատոլուի մէջ իսլամ կիները, երեխաները, ծերերը սպաննած հայ աւազակախումբերու եւ անոնց աջակցութիւն ցոյց տուածներու աքսորումը այդ ժամանակաշրջանին ամէնէն տրամաբանական քայլն էր», յայտարարած էր Էրտողան:
Հայ դատի մարմինը նշեց, որ հոլանտական խորհրդարանը քաջարի եւ սկզբունքային կեցուածք որդեգրեց ժխտումի քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն յիշատակը անարգելով մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող այդ յայտարարութեան դէմ` աւելցնելով, որ այդ որոշումը նախադէպ մըն է եւ այլ խորհրդարաններու համար բնորդ մը:
Մարմինը յայտնեց, որ նշեալ որոշումի որդեգրումը համահունչ էր խորհրդարանին 2004-ին, 2015-ին եւ 2018-ին որդեգրած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունեց Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու տունը` Թուրքիոյ նախագահի ժխտողական խօսքերը մերժելուն եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելուն համար: