Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ իր հանդիպումներու շարքը կը շարունակէ, տեսակցութիւններ ունենալով Յունաստանի քաղաքական կեանքի մեծագոյն կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու հետ։
Ընդհանուրին մէջ, ինչպէս ծանօթ է, ընդառաջուած են այն թեկնածուներուն դիմումները, որոնք հանդիպում խնդրած են մեր հետ։
Անցեալ շաբաթ, Յանձնախումբի նստավայրէն ներս, Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը, ընդունեց Յունաստանի նախկին պետական նախարար եւ խորհրդարանական ընտրութեանց թեկնածու Թոտորիս Ռուսոփուլոսին, ընդառաջելով իր դիմումին։
Պրն. Ռուսոփուլոս, անցեալին ունեցած նախարարական իր փորձառութեան հետեւանքով, մօտէն ծանօթ էր յունահայ համայնքի գործունէութեան։ Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին պրն. Ռուսոփուլոսին ներկայացուեցան ազգային ու միութենական մեր կառոյցներու գործունէութեան ու կազմակերպուածութեան հարցեր եւ ընդհանրապէս քննարկուեցան հայութեան պահանջքներուն ու դիրքորոշումներուն կապուած նիւթեր, Հայաստանի, Արցախի ու ընդհանրապէս հայութեան դիմագրաւած հարցերու լայն շրջագիծը։
Կառուցողական հանդիպումը արդիւնաբեր էր եւ պրն. Ռուսոփուլոս իր ջերմ զգացումները եւ պատրաստակամ կեցուածքը փոխանցեց յունահայութեան եւ հայ ժողովուրդի աշխատանքներուն կապակցութեամբ։