Շնորհահանդէս` «The Armenian Genocide: Prelude And Aftermath» Մատենաշարէն Լոյս Ընծայուած 5 Հատորներու

Կազմակերպութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «THE ARMENIAN GENOCIDE: Prelude and Aftermath» մատենաշարէ լոյս ընծայուած 5 հատորներու շնորհահանդէս` ներկայութեամբ համահեղինակ Վահան վրդ. Օհանեանի:

Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաքի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի եւ Արժանթինի հիւպատոսները, Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, քաղաքապետական խորհուրդներու, լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու, լիբանանահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ այլ հիւրեր:

Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիւսի Տէօքմեճեան: Ան ներկաներուն հաստատեց, թէ «Մենք կը պատկանինք ազգի մը, որ թիւով գրեթէ ամէնէն փոքրն է, տառապանքով` ամէնէն մեծը, ժամանակով` ամէնէն հինն է, վիճակով` ամէնէն անփոփոխը»: Անդրադառնալէ ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին աշխարհը ցնցած Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութեան, Լ. Տէօքմեճեան կեդրոնանալով լոյս տեսած 5 հատորներուն վրայ ըսաւ. «Հայասպանութեան նախորդող եւ յաջորդող ժամանակահատուածին` 1890-1922 թուականներուն, ամերիկեան կարեւորագոյն օրաթերթերէն` «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, «Տը Պոսթըն Տէյլի Կլոպ»-ի եւ «Տը Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր»-ի մէջ լոյս տեսած վերնագիրներու եւ տեղեկագիրներու ծաւալուն ընտրանիներ են մեր այսօրուան շնորհահանդէսին տուն տուող հաստափոր հինգ հատորները, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան արմատներուն, մահառիթ արարքներուն ու մնայուն հետեւանքներուն»: Լ. Տէօքմեճեան դիտել տուաւ, թէ վերոնշեալ հեղինակաւոր լրատուներէն հաւաքածոյ կազմուած հատորներուն մէջ լոյս տեսած հարիւրաւոր լրատուութիւններով եւ ականատես վկաներու տեղեկատուութիւններով կարելի է յստակ տեսնել 1890-1922 տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին առնչուող քաղաքական, մշակութային, ընկերային  եւ այլ բնագաւառներու գործունէութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս մանրամասնօրէն ծրագրաւորուած է ազգի մը ոչնչացումը, տեղահանումը եւ այդ արարքին ժխտումը իր հեղինակներուն կողմէ:

Նշենք, թէ «THE ARMENIAN GENOCIDE: Prelude and Aftermath» 5 հատորներու համահեղինակներն են Մխիթարեան միաբան Հ. Վահան Ծ. վրդ. Օհանեան եւ աւստրիալիահայ դոկտ. Արա Քեթիպեան:

Ապա, անգլերէն խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Քարամանեան: Ան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն  շուրջ դար մը ետք, մեր պարտաւորութիւնն է յիշել պատմութիւնը եւ դասաւանդել զայն ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն` զանոնք քաջատեղեակ դարձնելով անարդարութեան, ցաւի ու հալածանքի այդ ժամանակաշրջանին մասին:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով անգլերէնով խօսք առաւ դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան: Դոկտ. Ղազարեան ներկայացուց ՄԱԿ-ի կողմէ ցեղասպանութիւն եզրին սահմանումը` «ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբերու ոչնչացման նպատակով որդեգրուած քայլեր». այդ քայլերն են` «խումբի անդամները սպաննել… Խումբի անդամներուն լուրջ կամ հոգեկան վնաս պատճառել… Խումբի համար միտումնաւոր կերպով կենսական այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որոնք ուղղուած ըլլան խումբի անդամներու լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման… Խումբին մէջ ծննդաբերութեան կանխարգիլման համար միջոցներու ձեռնարկել… Խումբի երեխաները պարտադրաբար տեղափոխել մէկ այլ խումբ»: Ան հաստատեց, որ վերոյիշեալ բոլոր քայլերը որդեգրուած եւ իրագործուած են հայ ժողովուրդի հաշուոյն` 1894-էն 1924 երկարող ժամանակաշրջանին:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մինչ օրս որդեգրած ժխտողական քաղաքականութեան` դոկտ. Ղազարեան դիտել տուաւ, թէ «Թուրքիա 1923-էն ցայսօր, ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, ստիպուած կ՛ուրանայ մինչեւ 1923 իր իսկ ինքնութիւնը, արմատներն ու ապրելակերպը»:

Ան համառօտ կերպով յիշեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրները, կառավարութիւնները, խորհրդարաններն ու Ամերիկայի 50 նահանգներէն 49-ը` բացատրելով, որ Թուրքիա կ՛ենթարկուի մեկուսացման, ամէն անգամ, երբ երկիր մը կը ճանչնայ ու կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Դոկտ. Ղազարեան հաստատեց, որ միայն քաղաքական շահեր կրնան արգիլել որոշ երկիրներ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալէ:

Անդրադառնալէ ետք Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ առնչուած 4 բանաձեւերու, դոկտ. Ղազարեան ներկաներուն յիշեցուց Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած 2000-ի բանաձեւը, ըստ որուն լիբանանեան խորհրդարանը կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը զօրակցի ծագումով հայ իր քաղաքացիներու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ կը գիտակցի, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը կը կանխարգիլեն նման ոճրագործութիւններ:

Աւարտին, ան լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին տարած  աշխատանքները եւ անոր առաքելութիւնը:

Սիլվա Կապուտիկեանի «Մտորումներ ճանապարհի կէսին» ասմունքով հանդէս եկաւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան:

Յակոբ Քարամանեան ներկայացուց դոկտ. Արա Քեթիպեանի, հայր Վահան վրդ. Օհանեանի ու դոկտ. Արա Սանճեանի հակիրճ կենսագրականները, ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս, Միշիկըն համալսարան- Տիրպոռնի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի վարիչ դոկտ Արա Սանճեան:

Դոկտ. Արա Սանճեան ներկայացուց 5 հատորները` անդրադառնալով անոնց վաւերագրական հսկայական արժէքին: Ան դիտել տուաւ ներկաներուն, թէ համահեղինակները հսկայական գործ տարած են այս հինգ հատորները պատրաստելու համար:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` ան հաստատեց, որ Հրեաներու ողջակիզումէն ետք, Հայոց ցեղասպանութիւնը երկրորդ ամէնէն ճանչցուած ցեղասպանութիւնն է: Ու խօսելով Ողջակիզման ու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամերիկեան թերթերու անդրադարձներուն ու լուրերուն մասին, ան բացատրեց, թէ օրին, Ողջակիզումի լուրերուն տրուած է աւելի լայն տարածք, քան Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ 1895-96-ի հայկական ջարդերուն մասին լուրերը աւելի էին քանակով, քան Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած լուրերը, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին թերթերը զբաղած էին Համաշխարհային Ա. պատերազմի լուրերով:

Դոկտ. Արա Սանճեան հաստատեց, որ երբ անձ մը պատմութիւն մը գրէ քաղաքականութենէ ազդուած, այդ աշխատանքը կը մատնուի ձախողութեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, թէ հեղինակուած ու լոյս տեսած 5 հատորները ունին այնպիսի յատկութիւն մը, ուր արծարծուած նիւթերն ու փաստերը խթան կը հանդիսանան նոր ուսումնասիրութիւններ կատարելու:

Խօսքերու աւարտին, Գօգօ Արոյեան հանդէս եկաւ «Լեռներ հայրենի» ու «Բարի արագիլ» երգերով:

Մխիթարեան միաբանութեան շնորհակալական խօսքը անգլերէնով ուղղեց Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան` մեծաւոր Միջին Արեւելքի Մխիթարեան միաբաններու: Ան ներկաներուն հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն հայ ժողովուրդին պատկանող դատ չէ՛, այլ համաշխարհային ու համամարդկային դատ: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները աշխարհով մէկ կ՛աշխատին կանխարգիլել մարդկութեան հաշուոյն անարդարութիւններ ու ոճիրներ` պահանջելով մարդկային իրաւանց արդարութիւն, միանգամայն յարգելով  յիշատակը անոնց, որոնք  դաժանօրէն սպաննուեցան: Ան ըսաւ, թէ աշխատանքի ճանապարհը երկար է այս գծով, սակայն  անպայման օր մը պիտի հասնինք արդարութեան:

Իր խօսքի աւարտին, Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, միեւնոյն ժամանակ յայտարարելով, թէ մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ այլ գիրքի մը շնորհահանդէսը, որուն համահեղինակներն են տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Մարի Կիւրիւնլեան` իր գործակցութեամբ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ի յաղթերգով: