(«Հորիզոն») – Մայիս 28-ին, Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի խորհրդարանի նիստի ընթացքին խօսք առաւ նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս եւ խորհրդարանի անդամներուն հրաւիրեց ոգեկոչելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակն ու Արցախեան շարժման 31-ամեակը։
Խորհրդարանի նիստէն ետք, ընդունելութեան սրահին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան մասնակից դարձաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ համայնքը։ Աւելի քան 30 խորհրդարանի անդամներու ներկայութեան նախարար Ատրիան Տիքս շնորհաւորական իր մաղթանքները փոխանցեց Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով եւ գնահատեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ համայնքի մասնակցութիւնը Գանատայի ընկերային-տնտեսական զարգացման բնագաւառէն ներս։ Նախարարը յատուկ գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարեսիրական առաքելութիւնը՝ աւելի քան 100 սուրիացի գաղթականներու հովանաւորութիւնը ստանձնելու առնչութեամբ։ Շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկաւ նաեւ ընդդիմութեան ղեկավար Անտրու Ուիլքինսըն։
Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան խօսք առնելով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի նահանգային խորհրդարանին հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման գծով զօրակցութեան համար։
Ընդունելութենէն ետք, յատուկ արարողութեամբ, «Մեր Հայրենիք» օրհներգի երգեցողութեամբ եռագոյն դրօշը բարձրացաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի նահանգային խորհրդարանի շէնքին մուտքին։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ նահանգային խորհրդարանի խօսնակ Տարիլ Բլեքասի հետ եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի խորհրդարանի ընդդիմադիր Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայ համայնքի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Թիթառ Քոչկիրեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Թերզեն եւ այլ հայրենակիցներ։