Արցախի ի նպաստ յունահայութեան դրամահաւաքին գումարը փոխանցուած է Արցախի պաշտպանութեան նպատակին
(ԱԶԱՏ ՕՐ) Յունահայութիւնը, Արցախահայութեան կողքին գտնուելու առաջադրանքով, Կիրակի՝ 22 Մայիս 2016ին, Յունաստանի տարածքին կազմակերպեց Ֆոնեթոն-դրամահաւաք, իր գործնական աջակցութիւնը բերելու համար Արցախի օժանդակութեան համահայկական արշաւին: