(ASBAREZ) SACRAMENTO—The California State Assembly Public Employee, Retirement and Social Security Committee (PERSS) on Wednesday passed AB 1597 by a 5-0 vote, a bill authored by Assemblymember Adrin Nazarian, which calls for divestment by the main state pension funds from Turkey.
Nazarian has championed the issue in recent years, which also enjoyed the support of principal co-author Senator Scott Wilk. Passage by the PERSS Committee is the first step toward enactment of the bill, which if passed by both houses of the state legislature and is signed by the governor, would prohibit new investments or renewal of existing investments in the Turkish government by the pension funds—CalPERS and CalSTRS.
Following an impassioned presentation by Nazarian, and additional testimony by ANCA-WR Chief Legislative Consultant Haig Baghdassarian, the chairman of the committee, Assemblymember Freddie Rodriguez voted in favor of the bill, and was joined by four of his colleagues, Vice-Chair Travis Allen, and Assemblymembers Sabrina Cervantes, Ken Cooley and Patrick O’Donnell.
Photo: State Assemblyman Adrin Nazarian
Թուրքիոյ Մէջ Քալիֆորնիոյ Ներդրումները Ետ Քաշելու Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ Խորհրդարանական Յանձնախումբին Կողմէ
(ԱՍՊԱՐԷԶ) ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հանրային մարզի պաշտօնեաներու եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու յանձնախումբը (PERSS) Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19ին, միաձայնութեամբ (5-0) վաւերացուց նահանգային խորհրդարանի անդամներէն Ատրին Նազարեանի հեղինակած այն բանաձեւը (թիւ 1597), որ կը պահանջէ ետ քաշել Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց գլխաւոր հիմնադրամներուն (ներառեալ՝ «CalPERS» եւ «CalSTRS») կողմէ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ներդրումները։
Վերջին քանի մը տարիներուն, Նազարեան այս նպատակով տարբներ մակարդակներու վրայ աշխատանք տարած է՝ ապահովելով բանաձեւին համահեղինակ Սքաթ Ուիլքի ամբողջական աջակցութիւնը։
Նշենք, որ Սքաթ Ուիլք Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ է։
Յանձնախումբին կողմէ վաւրացումը առաջին քայլն է բանաձեւը օրէնքի վերածելու գործընթաղցին մէջ։ Այդ մէկը պիտի իրականանայ, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանն ու Ծերակոյտը վաւերացնեն զայն, որմէ ետք անիկա պէտք է ստորագրուի նահանգապետին կողմէ։
Բանաձեւին վաւերացման ի նպաստ ելոյթներ ունեցան Ատրին Նազարեան եւ Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով վարիչ Հայկ Պաղտասարեան։ Յանձնախումբի ատենապետ Ֆրետի Ռոտրիկեզ, ինչպէս նաեւ մնացեալ չորս անդամները՝ Թրեվիս Ալըն (փոխատենապետ), Սըպրինա Սերվանթես, Քեն Քուլի եւ Փեթրիք Օ՛Տանըլ անոր ի նպաստ քուէարկեցին: