(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 10 ապրիլին Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի յղած էր Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտիական երկու եկեղեցիներու դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը դատապարտող ցաւակցագիր մը: Հայ դատի մարմինը խստիւ դատապարտած էր Եգիպտոսի եւ ընդհանրապէս եգիպտացի ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումը եւ խոր ցաւ արտայայտած արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած վիրաւորներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը: Դեսպան Նաժարի իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց Հայ դատի մարմինի ցաւակցութիւնը:
«Կը գնահատենք ձեր ազնիւ զգացումներն ու Եգիպտոսի նկատմամբ ձեր ցուցաբերած խոր զօրակցութիւնը: Կը վստահեցնեմ, որ այս կոյր ահաբեկչութիւնը, որ թիրախ կը դարձնէ ապահով քաղաքայիններն ու անմեղ հաւատացեալները, պիտի չկարենայ հարուածել Եգիպտոսի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան նկատմամբ անոր ժողովուրդին խոր հաւատքը, որպէսզի Եգիպտոսը ինչպէս միշտ մնայ կանգուն, ուժեղ եւ միասնական», կը գրէ դեսպան Նաժարի:
Ambassador Najiri Thanks ANC Lebanon for Condemnation of Attacks Against Coptic Churches in Egypt
The Ambassador of Egypt to Lebanon H.E. Nazih Najiri sent a letter to the Armenian National Committee of Lebanon regarding the latter’s condemnation letter concerning the terrorist attacks against Coptic churches in Tanta & Alexandria.
The Ambassador expressed his appreciation for the sincere feelings expressed by the ANCL and Its sympathy and solidarity with Egypt and the Egyptian people. H.E. Najiri affirmed that theses attacks will not be able to undermine the stability and security of Egypt which will as always stand firm, strong & united.