Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Ընթացք Առած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Անդրադարձող Դասընթացքը
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին` «Էյ.Եու.Պի.»-ի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին գործակցութեամբ հաստատուած Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող դասընթացքը արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր ընթացք առած է` ուսանողներու առաւելագոյն թիւով:









