Հայաստանի անկախութեան 98ամեակի տօնակատարութիւնը՝ Խալքիտիքիի Ամարանոցէն ներս Հայաշունչ՝ երիտասարդական խանդով ու ամրապնդուա՛ծ հոգիներով
(ԱԶԱՏ ՕՐ, 2 Յունիս) Հայաստանի անկախութեան 98ամեակին տօնակատարութիւնը իր լաւագոյն դրսեւորումը գտաւ Թեսաղոնիկէի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի կազմակերպութեամբ պատրաստուած ձեռնարկով, որ ամբողջօրեայ արշաւ մըն









