Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական պաշտօնատարներու հետ արծարծեց Արցախի հիմնահարցը
Շաբաթ, Մարտ 16-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահիկ Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան Վանգուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցան SUCCESS GROUP-ի ընդունելութեան:









