ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունել է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Իտալիոյ Խորհրդարանին Որդեգրած Որոշումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիին յղեց նամակ մը` ողջունելով 10 ապրիլին Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը, որ Իտալիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ հարցը արծարծելու միջազգային մակարդակի վրայ:

Մարմինը դեսպանին յիշեցուց, որ Իտալիոյ խորհրդարանը արդէն իսկ 17 նոյեմբեր 2000-ին ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած ընդունելու զայն ու վերցնելու Հայաստանի դէմ իր հաստատած պաշարումը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր գնահատանքը արտայայտեց նոյեմբեր 2000 թուականի բանաձեւը վերահաստատող այս որոշումի որդեգրման համար` զայն նկատելով Իտալիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին արդարութեան ու մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառութիւնը վերահաստատող փաստ մը:

Մարմինը Իտալիոյ դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, փոխհատուցումը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հիմամբ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար կենսական պայման մըն է:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ իր ձայնը կը միացնէ Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին եւ Իտալիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ հարցը արծարծելու միջազգային մակարդակի վրայ: