Յայտարարութիւն

Ֆրանսայի նախագահական թիւ 2019-219 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, 10 ապրիլին հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս հրամանագիրը գործադրուած խոստումն է հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, զոր տուած էր հայ համայնքին` տարի մը առաջ, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին: Այս հրամանագիրին հիմամբ, այսուհետեւ 24 Ապրիլը ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին կը նկատուի պաշտօնական տօն եւ մաս կը կազմէ կառավարութեան պաշտօնական օրացոյցին: Իմա՛, 24 Ապրիլը կը նկատուի հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման Օր ամբողջ Հանրապետութեան տարածքին:

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ‘ողջունէ այս որոշումը, որուն ձեռքբերման համար անդուլ պայքար մղած ենք 1965-էն ի վեր: Իսկ 2012-էն ասդին, երկու նախագահներ, մէկ վարչապետ եւ բազմաթիւ նախարարներ մասնակցած են Ապրիլ 24-ի ժողովրդային միթինկի եւ արտասանած` իրենց խօսքը: Աւելին, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով մեկնեցաւ Երեւան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մասնակցեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկին: Առ այդ, սոյն հրամանագիրը մենք կը նկատենք նաեւ բարոյական արդար վարձատրութիւն` հայ դատի իւրաքանչիւր զինուորի համար:

Հայ Դատի Յանձնախումբը պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու որեւէ քաղաքի պետական մարմինի, որ իր քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ 24 Ապրիլի ոգեկոչման ձեռնարկ:

Նախագահական հրամանագիրով ուժի մէջ մտած այս պետական հռչակագիրը նաեւ լաւագոյն առիթ է գործնապէս պայքարելու ժխտողականութեան դէմ, ինչպէս յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը. «յանուն արդարութեան պայքարը եւ ճանաչումը մե՛ր պայքարն է` զայն յիշելով ու յիշատակելով ու զայն տեղադրելով ամբողջ հանրապետութեան յիշատակման օրացոյցին մէջ»:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
11 Ապրիլ 2019, Փարիզ