Հայ Դատի յանձնախումբը պատգամաւոր Ատրիա՚ն Տիքսի հետ քննարկեց Արցախի եւ սուրիահայութեան հարցերը
Յուլիս 14-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Պրիթիշ Գոլումպիայի նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրիան Տիքսի հետ, որուն հետ քննարկեց Արցախի եւ սուրիահայութեան վերաբերող հարցեր։









