ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 15 յուլիս 2016-ին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի ճամբով Ֆրանսայի պետութեան յղած էր Նիսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը դատապարտող` Ֆրանսայի պետութեան ու ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող նամակ մը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործավար Առնօ Փեսշէօյի կողմէ ստացաւ պատասխան նամակ մը, որուն մէջ նշելէ ետք, որ այս նամակը կը գրէ դեսպան Պոնի ցուցմունքով` ան կը գրէ. « Ձեր ցաւակցական եւ զօրակցական խօսքերը մեծապէս ամոքիչ են այնպիսի պահու մը, երբ ֆրանսացիք կը սգան վերջերս արձանագրուած յարձակումներուն զոհերը: Ֆրանսական կառավարութեան եւ ֆրանսացի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի:
«Մարդկայնականութեան, խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մեր արժէքներն են, զորս ահաբեկիչները յարձակումի ենթարկեցին:
«Այդ երկչոտ յարձակումին դիմաց ֆրանսացիք միասնակամ են: Անոնք նաեւ վճռական ու ոտքի կանգնած են: Ինչպէս պետութեան բարձրագոյն իշխանութիւնները նշեցին, Ֆրանսա պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը` յարգելով իր արժէքները եւ նպատակ ունենալով գործել աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատման համար»: