Դաւիթ Իշխանեանը ԵԽ Պատգամաւորներուն Հետ Քննարկած է Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Հարցը
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան՝ եւրոպական երկիրներ աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ Նոյեմբեր 28-30-ին Պրիւքսէլի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ ունեցած է պատգամաւորներ, խորհրդարանին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան