16 սեպտեմբեր 2023-ին, Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացուց Արժանթինի Արցախի Բարեկամներու Խումբը (Foro Artsaj de Argentina – Artsakh Forum of Argentina), որուն մաս կը կազմեն՝ իրաւաբան Էուխենիօ Ռաուլ Սաֆֆարոնի (Արդարադատութեան Գերագոյն Դատարանի նախկին անդամ եւ Մարդկային Իրաւանց Միջ-ամերիկեան Դատարանի նախկին անդամ), Ռատիքալ Կուսակցութեան (UCR) նախկին ազգային երեսփոխան եւ Պուէնոս Այրէսի նախկին քաղաքապետ Ֆաքունտօ Սուարէս Լասթրա, նախկին երեսփոխանուհի Պրէնտա Օսթին, նախկին դատաւոր Գարլոս Ալպէրթօ Ռոզանսքի, լրագրող Մարիանօ Սարավիա եւ տոքթ. Ռիքարտօ Թոռէս։
Հ․Յ․Դաշնակցութեան Պուէնոս Այրէսի Ակումբին մէջ տեղի ունեցած միջոցառման ընթացքին, իր ողջոյնի խօսքը յղեց իրաւաբան Էուխենիօ Սաֆֆարոնի, որ նշեց թէ «կան դաժանութիւններ որոնք կը շարունակուին իրականացուիլ մինչեւ օրս»։
Սկիզբ տալով իր ելոյթին, Ֆաքունտօ Սուարէս Լասթրա յիշեց թէ Արժանթինի նախկին նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինը «առաջին պետական ղեկավարներէն եղաւ, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ «Հիմնական Սփիւռքը սկիզբ առաւ 1915 թուականին, եւ մեծ թիւով հայեր հասան Արժանթին։ Ցեղասպանութեան պատճառով իրենց բնակավայրերէն աքսորուած հայերու ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ ապրելու իրաւունքի այս որոնումը համընկնաւ Արժանթինական ժողովրդավարութեան ծնունդի հետ, որ ապաստան տուաւ անոնց։ Մեր երկրի մէջ ունինք շատ օրինակելի ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ, քաղաքացիներ, քաղաքացիական հաստատութիւններ, որոնք կը նպաստեն մեր հասարակութեան քաղաքացիականութեան եւ քաղաքավարութեան ամրապնդման»։
«Այս հարիւր հազարէ աւելի մարդիկը, որոնք կը հալածուին եւ որոնց իրաւունքները կը մերժուին, որ բնակած են աւելի քան հազար տարիներու ընթացքին իրենց ժողովուրդը ապրած սեփական այդ հողի վրայ, թող դադրի անոնց վրայ հալածանքը եւ, ինչ որ արդէն Ռոպերթ Մենենտէզը եւ նախկին դատախազ Լուիս Մորէնօ Օքամփօն սկսած են որակել յստակօրէն որպէս ցեղասպանութիւն այս միջոցներով», զգուշացուց Սուարէս Լասթրա։
Մարիանօ Սրավիան յիշեց երբ, «Լա Վոս տէլ Ինթերիոր» թերթի մէջ որպէս լրագրող իր աշխատանքի ժամանակ, «միշտ որ Ապրիլ 24 թուականը կը մօտենար, պապիկ Աւագեանը խմբագրատուն կը հասնէր եւ կը բերէր ղուրապիէ, ու կը խնդրէր եթէ կարելիութիւն կար տեսանելի դարձնելու յիշողութեան, ճշմարտութան եւ արդարութեան ի նպաստ պայքարը»։ «Այս ձեւով սկսայ ծանօթանալ համայնքին եւ կապ հաստատել անոր հետ», ըսաւ Սարավիա, վերյիշելով որ 2006 թուականին Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ճամբորդած էր դէպի Հայաստան եւ Արցախ։
«Ես հայ եմ եւ Հայ Դատի գործիչ եմ։ Չեմ հաւատար լրագրութեան ու լրատուամիջոցներու մէջ «առարկայութեան» գոյութեան մասին. Ինձ կը թուի թէ ատիկա մեծ կեղծաւորութիւն մըն է։ Նախադրեալը չստել է։ Ես միշտ պիտի ըլլամ կեանքի կողքին, Մարդկային Իրաւանց կողքին ու հայ ժողովուրդի կողքին։ Առանց ստելու։ Պատճառները մեզ կ՚օգնեն»։
Ռոսարիոյի Պետական Համալսարանի գիտաշխատող Ռիքարտօ Թոռէսը, որու տոքթորական թեզը նուիրուած էր Արցախի հիմնահարցին, ըսաւ թէ վերջին տարիներու իրադարձութիւնները ան կը դիտարկէ «մտահոգութեամբ»։ «Կան շարք մը դերակատարներ, որ գործողական կամ անգործութեան պատասխանատուութեան մեծ յանձնառութիւն ունին ներկայ իրավիճակի մէջ՝ սկսած Ատրպէյճանէն ու Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, Հայաստանի սեփական կառավարութիւնը, Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը։ Հասած է ժամանակը, որ միջազգային հանրութիւնը դադրի յայտարարութիւններ հրապարակելու եւ սկսի քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի Ատրպէյճանը չի գործադրէ այս ծրագիրը, որ եղած է միշտ նոյնը՝ առանց հայերու տարածքի վերականգնումը»։ «Արցախի կորուստը, ինչ որ յոյսով ենք որ տեղի չ՚ունենայ, սակայն տեղի ունենալու պարագային՝ խորապէս պիտի ազդէ հայ հասարակութեան վրայ, ըլլա՛յ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ըլլա՛յ Սփիւռքի մէջ»։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը բացատրեց, թէ «2020 թուականի պատերազմն ու պարտութիւնը ցնցեցին աշխարհի համայն հայութեան։ Ազգային զարգացման հարցը փոխարինուեցաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի ազգային տարածքներու անվտանգութեան օրակարգով։ Եւ էական է ներկայ պահը, երբ հայ ժողովուրը առաւել քան երբէք կարիքը կը զգայ իր քաղաքական առաջնորդներուն, մտաւորականներուն, ակադեմականներուն, լրագրողներուն, արուեստագէտներուն եւ մշակութային բարեկամներուն, որոնց լաւագոյն ներկայացուցիչները այսօր կը գտնուին հոս»։ «Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը որդեգրած են ռազմատենչ, թշնամական եւ հաւակնոտ վարքագիծ, համատարած հակահայկական քարոզչութիւն ու նոր ցեղասպան քաղաքականութիւն», շեշտեց ղեկավարը։ «Ատրպէյճանը գրաւեց Արցախի Հանրապետութեան մեծ տոկոսը, զայն շրջապատեց, Արցախահայութեան դատապարտեց սովի ու կազմակերպեց նոր ցեղասպանութիւն մը։ Նոյն ժամանակ, ան յարձակած է Հայաստանի վրայ, կը շարունակէ ներթափանցել անոր սահմանները եւ կը սպառնայ բռնի կերպով բանալ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը»։
Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Մուրատեանը յիշեցուց, թէ «Ուրուկուայի կողմէ 1965 թուականին առաջին ճանաչումէն ի վեր, անցնելով Արժանթինի Թիւ 26.199 Օրէնքէն, մինչեւ Չիլէի եւ Պրազիլի նման երկիրներու Խորհրդարանական ճանաչումները Հարիւրամեակի առիթով, Մարդկային Իրաւանց տեսակէտով Հարաւային Ամերիկայի շրջանը միշտ եղած է առաջապահ»։ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէ ունեցած իր Խունթայի դատաւարութիւնը, ոչ ալ Նիւրէմպէրկի դատաւարութիւնները։ Հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու արեան գնով հիմնուած ներկայ Թուրքիոյ ստեղծումը հիմքը դրաւ մեր այսօրուայ իրականութեան»։ «Լեռնային Ղարաբաղի հայութեանը վերջ դնելու եւս մէկ փորձով, Ատրպէյճանը ինը ամիսներէ աւելի է որ ապօրինի փակում կը կատարէ Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին վրայ, կանխելով մարդասիրական օգնութեան, սնունդի, դեղորայքի, շտապ օգնութեան ինքնաշարժերոււ մուտքը, հիւանդներու տեղափոխումը անվտանգ պայմաններու մէջ, առաջացնելով սով ու մահ 120.000 հոգիի, որոնց մէջ կան աւելի քան 30.000 երեխաներ։ Անտեսելով միջազգային հանրութեան կոչերը եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի վճիռները, Ալիեւը կը մերժէ վերցնել շրջափակումը։ Ան կը շարունակէ յարձակիլ Հայաստանի վրայ, չնայած Եւրոմիութեան եւ Գանատայի դիտորդներու ներկայութիւնը, չէ իրագործած 9 Նոյեմբերին եռակողմանի համաձայնագրի ոչ մէկ կէտ, եւ նոյնիսկ կը մերժէ վերսկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւնները, փոխելով օրակարգը եւ ամէն անգամ աւելի տարօրինակ պահանջներ ներկայացնելով։ Ատրպէյճանը կ՚իրականացնէ հայերու նկատմամբ ոջնջացման ու ցեղասպան զգումներու քաղաքականութիւն, ինչպէս յստակօրէն ներկայացուց նախկին դատախազ Լուիս Մորէնօ Օքամփոյի զեկոյցը եւ Ցեղասպանութեան Հանցագործութիւնը Կանխարգիլելու եւ Պատժելու մասին Համաձայնագիրը։ Սակայն անոր դիւանագէտները կը շարունակեն սուտի ու կեղծիքի տարածումը։ Այս առումով, մեր երկրի մէջ ջանք չեն խնայած ներկայացնելու զուգահեռներ Մալվինեան խնդրին հետ, եւ ցոյց տալու որ Արժանթինի շահերը կը համընկնին Ատրպէյճանի շահերուն հետ։ Ուստի, կարեւոր է յստակացնել, թէ հայ ժողովուրդը, ըլլա՛յ Հայաստանի ինչպէս նաեւ՝ Արցախի մէջ, չի բնակիր իր կողմէ ներխուժած կամ գաղութացուցած տարածքներու մէջ։ Ընդհակառակը՝ հայ ժողովուրդը եղած է արշաւանքներու ու գաղութացումներու թիրախ։ Մենք՝ Արժանթինցիներս, չենք կրնար շփոթիլ այս առումով։ Բազմաթիւ փորձառութիւններ ունինք», շեշտեց Մուրատեանը, եւ աւելցուց՝ «Արժանթինի համար, որ ունի ինքնիշխանութեան իր սեփական պահանջքը, կենսական նշանակութիւն ունի հասկցնել, թէ անհրաժեշտ է միջազգային համակարգ մը որ ըլլայ գործնական, ուր յարգուի միջազգային իրաւունքը, եւ մասնակիցները յարմարուին այս օրէնքներուն, որ համայն աշխարհի մէջ կը թելադրենք որպէս ազգեր։ Այս առումով, զարմանալի չէ որ նաեւ Մեծն Բրիտանինան, ինչպէս իր գործընկեր Ատրպէյճանը, մերժէ Արժանթինի Հանրապետութեան հետ քննարկել Մալվինեան հարցը»։
«Արժանթինի Արցախի Բարեկամներու Խումբը, ինչպէս իր անուանակիցը Ուրուկուայի մէջ, մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, ակադեմականներէ, օրենսդիրներէ, մշակութային եւ լրագրողական անձնաւորութիւններէ բաղկացած միջավայր մըն է, որու նպատակն է նպաստել Արժանթինի դիրքորոշման՝ ի պաշտպանութիւն հակամարտութեան արդարացի լուծման եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի յարձակումները Արցախի Հանրապետութեան դէմ», բացատրեց Ռուբինա Նալպանտեանը, Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ։ «Այս մօտեցումը պիտի ըլլայ շրջանակի մը մէջ ուր նախատեսուի իր բնակիչներու ինքնորոշման իրաւունքը, անոնց անվտանգութիւնը, անոնց ամենահիմնական իրաւունքներու յարգանքը, Ատրպէյճանի կողմէ պահուող ռազմագերիներու վերադարձը, հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը եւ Բերձորի (Լաչին) միջանցքի շրջափակման վերջը», աւելցուց ան։
Հարկ է նշել, թէ ապագային պիտի ընդլայնուի Արցախեան Ֆորումի մաս կազմող անձերու թիւը։