Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, յոյն քաղաքական եւ ակադեմական դէմքերէ բաղկացած հնգանդամ պատուիրակութիւն մը իր մասնակցութիւնը բերաւ Արցախի համաժողովին
Ուրբաթ՝ 11 Հոկտեմբեր 2019ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի դահլիճին մէջ սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան համակազմակերպումով իրագործուող՝ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան