Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումով մը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև զարգացող լարուածութեան մասին, յատկապէս հայկական տարածքէն ներս ներխուժման ու ներթափանցման տեղեկութիւններու առնչութեամբ: Այս մասին Մայիս 14-ին տեղեկացուց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
«Մենք հակամարտ կողմերուն կը յորդորենք յարգել նոյեմբեր 10-ին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագիրը և շարունակել բանակցութիւնները կայուն և խաղաղ կարգաւորման համար: Պետք է դադրեցուին բոլոր գործողութիւնները, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը ». նշած է նախարարը իր հրապարակման մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի սահմանատարածքին վրայ ատրպէյճանական շարունակուող ներթափանցումի արարքներուն գծով՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օթթաուայէն կը պահանջէ դատապարտել Հայաստանի դէմ կատարուող սահմանային օրինախտումները:
horizonweekly.ca