«Բաց Վէրքեր։ Հայեր, Թուրքեր եւ դար մը ցեղասպանութիւն» գիրքի շնորհահանդէս Գանատայի մէջ
(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Պատմաբան, լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան 2015-ին հեղինակած է գիրք մը, ուր կ՚արծարծուին հայ եւ թուրք յարաբերութիւնները, քրտական հարցը եւ անցնող 100 տարուան ընթացքին տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական վիճակը։









