Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատունը ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Պիտի Փոխանցէ «Լոնտոնի Առնչակից Բաժանմունքին»

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 11 օգոստոսին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպանին: Մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգման դէմ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը, եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրէ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը:

Բրիտանիոյ դեսպանատունը երէկ կապ հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին հետ` հաստատելով, որ ստացած է նամակը: Բրիտանական դեսպանատան քաղաքական հարցերով երկրորդ քարտուղար Նիքոլա Տի Լուցիօ յայտնեց, թէ 31 օգոստոսին նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի փակման հարցին վերաբերեալ Հայ դատի մարմինի նամակը պիտի փոխանցուի «Լոնտոնի մէջ գոյութիւն ունեցող առնչակից բաժանմունքին»:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 14 օգոստոսին նոյն հարցով պատասխան-նամակ մը ստացած էր Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի տեղակալ, դեսպանատան գործավար դոկտ. Միքայէլ Ռէօսէն: