Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի Լիագումար Ժողովի
ՕԹԹԱՈՒԱ.- Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2021-ին, Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ ԴատիՇրջանային Յանձնախումբի 2021-23 երկամեակի առաջին լիագումար նիստը, մասնակցութեամբյանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին: Միօրեայ ժողովի ընթացքին յանձնախումբը մանրամասնօրէն քննեց նախորդ տարեշրջանիգործունէութիւնը ու