Հայ Դատի Յանձնախումբերը կ’ողջունեն Քէպէգ Նահանգի Կրթութեան Նախարարութեան Հաստատած Ցեղասպանութեան Ուղեցոյցի Մեկնարկը

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCC) ու Քէպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCQ) կ’ողջունեն Քէպէգ Նահանգի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուած Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագրի ուղեցոյցի մեկնարկը:

Կրթական ծրագրի այս ուղեցոյցը մշակուած է Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամի (Genocide Education Foundation) եւ գործակից կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, որ Քէպէգ Նահանգի կրթական մշակներուն համար պիտի ծառայէ իբրեւ սկզբնաղբիւր, ուսուցանելու ցեղասպանութիւններու յանցագործութեանց ու անոնց հետեւանքներուն մասին:

«Այս ծրագրի մեկնարկը կարեւոր իրադաձութիւն է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին համար, որ վերջին տարիներուն սերտօրէն համագործակցելով Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամին հետ, ձեռնարկեց այս ուղեցոյցը, որ կը միտի Քէպէգ Նահանգի միջնակարգ դպրոցներուն մէջ դասաւանդել հայոց ցեղասպանութեան մասին, իրազեկ դարձնելով ցեղասպանութիւններու դրոյթներուն ու վայրագութեանց մասին», նշեց Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամի գործադիր խորհուրդին մօտ Քէպէքիի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Փրոֆեսոր Լալէ Մանճիկեանը:

Այս ծրագիրը ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին համընդհանուր կրթական ուղեցոյցն է, որ հասանելի պիտի ըլլայ Քէպէգի միջնակարգ դպրոցներու աւելի քան 343,000 աշակերտներու եւ 800 կրթական հաստատութիւններու:

Երկլեզու այս ուղեցոյցը կը սահմանէ ցեղասպանութեան յանցագործութիւններու դրոյթները, մասնագիտականօրէն կը բացատրէ ցեղասպանութեան տարբեր փուլերը, որոնք պատմականօրէն պատճառ դարձած են նմանօրինակ յանցագործութիւններու: Ուղեցոյցը նաեւ լոյս կը սփռէ ՄԱԿ-ի եւ Գանատայի կողմէ ճանչցուած ինը այլ ցեղասպանութիւններու մանրակրկիտ դէպքերուն, ինչպիսիք՝ Գանատայի բնիկ հնդիկներու մշակութային ցեղասպանութիւն (1876-1993), Հերերոյի եւ Նամայի ցեղասպանութիւն (1904-1908) Հայոց ցեղասպանութիւն (1915-1923), Ուքրանական Հոլոտոմորը-Սովասպանութիւն (1932-1933), Ռոման գնչուներու եւ Սինտիներու ցեղասպանութիւն (1935-1945), Հրեաներու Ողջակիզում (1939-1945), Գամպոտիայի ցեղասպանութիւն (1975-1979), Պոսնիայի ցեղասպանութիւն (1992-1995) եւ Ռուանտայի թութսիներու ցեղասպանութիւն (1994):

Ուղեցոյցի հիմնական նպատակն է կանխել ապագայ ցեղասպանութիւնները, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն տրամադրելով անհրաժեշտ գիտելիքներն ու հմտութիւնները՝ ստեղծելու արժէքներու եւ վերաբերմունքի համակարգ մը, որ պիտի ձեւաւորէ հաւաքական ըմբռնում ցեղասպանութեանց կանխարգելման վերաբերեալ:

Այս ուղեցոյցին հրատարակութիւնը՝ Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամին եւ գործակից կազմակերպութիւններուն համատեղ ջանքերուն արգասիքը կը հանդիսանայ, որոնք տարիներ շարունակ անխոնջօրէն աշխատեցան այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար:

«Կարեւոր է աշխատիլ ցեղասպանութենէն տուժած բոլոր համայնքներուն հետ, որպէսզի կարենանք զուգահեռներ գտնել իրադարձութիւններուն միջեւ, հասկնալ ցեղասպանական դէպքերուն նախորդող փուլերը, ինչպէս նաեւ ընդգծել պատասխանատուներու ժխտման քաղաքականութիւնը: Ցեղասպանութիւնները, անկախ ժամանակի ու վայրի հանգամանքներէն, միշտ ալ նմանութիւններ ունին», հաստատեց Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամի գործադիր խորհուրդի մօտ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հրակ Չինչինեանը:

Գանատայի ու Քէպէգի Հայ Դատի յանձնախումբերը կը գնահատեն Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամի ու անոր ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն՝ Փրոֆ. Լալէ Մանճիկեանի եւ Հրակ Չինչինեանի անխոնջ աշխատանքը, նաեւ կը գնահատեն փրոֆեսորներ՝ Ալան Ուայթհորնի, Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչըլի եւ Սթէյսի Չըրչըլի, Արամ Աճեմեանի եւ Րաֆֆի Սարգիսեանի ակադեմական խորհուրդատուութեան ու ուղղորդման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Մհեր Գարագաշեանի եւ Արամ Էլակոզի ներդրումը՝ ի խնդիր այս ծրագրի իրականացման:

Օթթաուա, 26 Ապրիլ 2022

Ուղեցոյցը կարելի է կարդալ հետեւեալ յղումով՝ https://bit.ly/3EMOkcZ


horizonweekly.ca