ԿՈՉ ԱՒՍՏՐԱԼԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ. Սուրիահայութեան Զօրակցութիւն

(armenia.com.au) 2011 թուականէն ի վեր մաշեցնող քաղաքացիական պատերազմը իր ծանր դրոշմը դրաւ, սփիւռքեան մեր ամենակենսունակ ու առողջ գաղութներէն Սուրիահայութեան վրայ:

Երբեմնի հայութեան կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցող Սուրիան ու մանաւանդ անոր հայաշունչ կեդրոնական քաղաք՝ Հալէպը կը մաշի, կը կքի սակայն անձնատուր չ’ըլլար: Ճիշդ է որ հոն ապրող հայորդիներէն շատերը հարկադրաբար լքեցին քաղաքը ու ապաստան գտան զանազան վայրերու մէջ, որոնց շարքին նաեւ Աւստրալիա, սակայն Սուրիան ու Հալէպը պիտի շարունակեն մեր ազգային կեանքին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունենալ որովհետեւ հայրենիքէն դուրս մեր արմատները հոն են, իրենց ազգային կալուածներով, հայաշունչ եկեղեցիներով, կրթական հաստատութիւններով ու ակումբներով:

Այս բոլորին կայուն պահպանումն ու գոյատեւումը ոչ միայն Սուրիահայութեան, այլ համայն հայութեան հայաշունչ կեանքի շարունակման գրաւականն են, որուն գիտակցութիւնը ունինք բոլորս եւ վերջին տարիներու Սուրիահայութեան ի նպաստ օժանդակութեան մեր ջանքերը միշտ արդիւնաւորուեցան շնորհիւ Աւստրալահայութեան գիտակցական մօտեցումին:

Այսօր կամաց-կամաց յուսադրիչ շողեր սկսած են ապագայի նկատմամբ դրական մթնոլորտ ստեղծել գրեթէ կործանած այդ երկրին ու քաղաքին վրայ. անզուգական Հալէպը դարձեալ կարիքը ունի մեր նիւթական աջակցութեան, որուն արձագանգելով, որոշած ենք կազմակերպել Սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբաթ Սեպտեմբեր 19-էն 23 ժամանակամիջոցին:

Եւ որպէսզի աւելի մօտէն ճանչնանք ստեղծուած կացութիւնը եւ աւելի լաւ հասկնանք Սուրիոյ ու Հալէպի իրավիճակը, այդ թուականներուն Աւստրալիա հրաւիրած ենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի անդամ ընկ. Կարօ Եուզպաշեանը, որ մեր ժողովուրդին հետ մէկ շաբթուան ընթացքին այլազան հանդիպումներով ու շփումներով անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցէ ու ընթացք տայ այս կարեւոր աշխատանքին:

Ապագայ օրերուն հետեւեցէ՛ք մեր յայտարարութիւններուն եւ ուղղութիւններուն այս կարեւոր հարցին գծով:

Կը յուսանք որ միասնաբար մեր կարելին կ’ընենք յաջողութեան հասցնելու այս կարեւոր աշխատանքը:

***

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի մասնակցութեամբ