Շիֆ Քոնկրեսին Մէջ Կը Հիւրընկալէ Ցեղասպանութեան Զոհերուն Տրամադրուած Ամերիկեան Օժանդակութեանց Նուիրուած Ձեռնարկ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մարտ 3ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ գլխաւոր հովանաւորներէն մէկն է «Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնն ու արդարութիւնը» բանաձեւին (Ներկայացուցիչներու տան թիւ 227 բանաձեւ), Քոնկրեսի շէնքին մէջ պիտի հիւրընկալէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն հայութեան տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները լուսարձակի տակ առնող ձեռնարկ մը՝ յոյս ունենալով, որ մինչեւ այդ թուականը Սպիտակ տունը կ՛արտօնէ, Ցեղասպանութեան որբերուն կողմէ պատրաստուած եւ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահին նուիրուած գորգը նոյն ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրել:
Շիֆ Դեկտեմբերի կիսուն նամակ մը յղած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ խնդրելով անկէ, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած ու Լիբանանի Ղազիր գիւղի որբանոցին մէջ ապաստանած որբերուն գործած գորգը տրամադրուի՝ նշեալ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուելու համար:
Շիֆ նամակին մէջ շեշտած էր, թէ ցուցահանդէսին ընթացքին գորգը մօտէն տեսնելու առիթ պիտի ունենան Ցեղասպանութենէն վերապրողներ, պատմագէտներ, ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ քոնկրեսականներ՝ աւելցնելով, որ նման ցուցադրութիւն մը նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ լուսարձակի տակ առնելու ամերիկեան կառավարութեան տրամադրած օժանդակութիւնները՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան:

Հայկական գորգը
Հայկական գորգը / The Armenian rug

Նշենք, որ Սպիտակ տունը մերժած էր գորգը «Սմիթսոնիըն» թանգարանին մէջ ցուցադրելու դիմումը, եւ Շիֆ եղած էր մէկը անոնցմէ, որոնք գորգը այդ թանգարանին մէջ ցուցադրելու դիմում կատարած էին կառավարութեան:
32 այլ քոնկրեսականներ ստորագրած էին Շիֆի դիմումը:
Իր նամակին մէջ, Շիֆ ցաւ կը յայտնէր, թէ ամերիկացիներուն մեծ մասը, ներառեալ՝ մեծ թիւով քոնկրեսականներ, Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայութեան տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութեանց ծաւալին ու տարողութեան մասին բաւարար տեղեկութիւն չունի, ապա կ՛աւելցնէր, թէ նշեալ գորգը «կը մարմնաւորէ Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնն ու հայ ժողովուրդի վերածնունդը»:
Մարտ 3ի ձեռնարկը ծանուցող Փետրուար 18 թուակիր հաղորդագրութեան մէջ, Շիֆի գրասենեակը ցաւ կը յայտնէ, որ Սպիտակ տունը ցարդ չէ պատասխանած գորգը ցուցադրելու դիմումին, սակայն յոյս կը յայտնէ, որ դրական պատասխան մը կը տրուի անոր: Հոն կը շեշտուի, թէ նոյնիսկ եթէ գորգը տրամադրուի, ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ նշեալ թուականին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, շատ հաւանաբար՝ Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» շէնքին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը դրուատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով ամերիկեան կառավարութեան վրայ Թուրքիոյ ջանքերուն դէմ առնուած Շիֆի այս սկզբունքային քայլը:

ԱՍՊԱՐԷԶ