Brussels, 18 February 2014 – The European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) has received a letter from Mr. Dirk Schuebel, Head of Division for Eastern Partnership – Bilateral Relations, on behalf of High Representative of the Union for Foreign Affairs & Security Policy/Vice-President of the European Commission Baroness Catherine Ashton, in reply to the letter sent to her on February 7, 2014, regarding a Political and Security Committee (PSC) meeting with EU ambassadors in Brussels on Monday (3 February), where her officials informed the ambassadors about her visit to Ukraine with the objective of putting an end to the crisis, by means of a financial offer to the Ukrainian government. The article of EU Observer “Ashton off to Kiev with new financial offer” mentioned Azerbaijan as one of the countries having agreed to contribute to Ukraine, amongst Japan, the USA, Norway and the EU.
Mr. Schuebel has rejected the fact that Azerbaijan, or any other country, for that matter, were mentioned in the said meeting. However, he has highlighted that the EU maintains a constructive but critical relationship with Azerbaijan regarding human rights and democracy issues. He mentions also that EU will continue to point out its concerns over the human rights situation in Azerbaijan.
It should also be noted, that the European Parliament’s ethics committee is probing a group of lawmakers who are suspected of “caviar diplomacy” – accepting favours from Azerbaijan during the electoral observation mission there in October last year. Very recently, Azerbaijan changed its legislation regarding the non-governmental organizations and their mission, thus highlighting the government’s hostile attitude towards its own civil society. Azerbaijan cannot export democracy to Ukraine – or any other country – while it’s a dictatorship at home.
The EAFJD strongly supports the democratic values, the rule of law and human rights and the reforms in the Eastern Neighbourhood of the EU and the wider region, which are in stark contrast to Azerbaijan’s ruling elite’s values.
“In no way can Azerbaijan, a consolidated authoritarian regime, according to Freedom House, characterized by his intolerance for dissent, disregard for civil liberties and political rights, war mongering and instability in the region, be an “exporter” of democracy in Ukraine”, said EAFJD President Mr. Kaspar Karampetian, and concluded, that EAFJD will follow this issue closely.
Նամակ Աշթոնի գրասենեակէն՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին
Պրիւքսել, 18 փետրուար, 2014.- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը պատասխան – նամակ մը ստացաւ Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութեանց յանձնակատար եւ յանձնաժողովի փոխ նախագահ Քաթերին Աշթոնի կողմէ՝ Արեւելեան գործընկերութեան երկկողմանի յարաբերութեանց գերատեսչութեան ղեկավար պրն. Տիրք Շիւպելէն, ի պատասխան Աշթոնին 7 փետրուար 2014-ի ուղարկած մեր նամակին, ուր կը նշէինք Պրիւքսելի մէջ Եւրոմիութեան դեսպաններու ներկայութեան փետրուար 3-ին տեղի ունեցած քաղաքական եւ անվտանգութեան յանձնախումբի արծարծած նիւթը, ուր եւ Աշթոնի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, թէ ան Քիեւ այցելութեան ընթացքին, ճգնաժամէն դուրս գալու իբր միջոց՝ Ուքրանիոյ կառավարութեան առաջարկած է տնտեսական օժանդակութիւն։ Սոյն լուրը լոյս տեսած էր EU Observer թերթին մէջ “Ashton off to Kiev with new financial offer” («Աշթոն Քիեւ՝ տնտեսական նոր առաջարկով»), նշելով, որ Ատրպէյճանն ալ նուիրատու երկիրներու ցանկին մէջ է, Ճափոնի, Նորվեկիոյ, Ամերիկայի միացեալ նահանգներու եւ Եւրոմիութեան կողքին։
Պրն. Շիւպել կը մերժէ այն փաստը, թէ Ատրպէյճան, կամ ոեւէ մէկ այլ երկիր նշուած է այդ հանդիպման ընթացքին, Սակայն, ան կ’ընդգծէ, որ Եւրոպական միութիւնը շինիչ, բայց քննադատական յարաբերութեան մէջ է, ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան հարցերուն։ Ան նաեւ կը նշէ, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ քալել այս ճամբով, եւ շարունակէ կեդրոնանալ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց իրավիճակին վրայ։
Պէտք է նշել, որ Եւրոմիութեան բարոյական յանձնախումբը (Ethical committee) խումբ մը եւրոերեսփոխաններ հացաքննութեան հրաւիրած է, որոնք «խաւիարի դիւանագիտութեան» կասկածի տակ են նուէրներ ստանալով, որոնք իբր դիտորդ մաս կազմած են անցեալ հոկտեմբերին Ատրպէյճանի նախագահական վերջին ընտրութիւններուն։ Մի քանի օր առաջ, Ատրպէյճան հասարակական, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ իրենց առաքելութեան մասին օրէնսդրութիւնը կրկին անգամ խստացուց, ցոյց տալով կառավարութեան թշնամական վերաբերմունքը իր հասարակութեան հանդէպ։ Ատրպէյճան իրաւունքը չունի Ուքրանիոյ կամ ոեւէ մէկ այլ երկրի ժողովրդավարութիւն արտահանել՝ երբ ինք բռնատիրութիւն է։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր ուժգին զօրակցութիւնը կը յայտնէ ժողովրդավարական արժէքներուն, օրէնքի գերակայութեան, մարդկային իրաւանց եւ քաղաքական բարեփոխումներուն որոնք տեղի կ’ունենան Եւրոպական միութեան արեւելեան հարեւանութեան տարածաշրջանէն ներս, որոնք ամբողջովին հակադրուած են Ատրպէյճանի իշխող առանձնաշնորհեալ փոքրամասնութեան արժէքներուն։
«Ոեւէ մէկ ձեւով Ատրպէյճանը, որ «Freedom House»ի համաձայն՝ անհանդորժաղականութեամբ, այլամերժութեամբ, քաղաքացիական եւ քաղաքական ազատութեանց կաշկանդումով բռնատիրական պետութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ ռազմատենչ եւ շրջանային ավտանգութեան սպառնալիք մը, կրնայ Ուքրանիա ժողովրդավարութիւն արտահանել», ըսաւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, եւ եզրափակեց ըսելով, թէ Հայ Դատի յանձնախումբի այս հարցին մօտէն պիտի հետեւի։