The Armenian National Committee of Canada’s (ANCC) statement on the Occasion of the 10th Anniversary of the Axe Murder during the NATO Sponsored Course

Ottawa – The Armenian National Committee of Canada (ANCC) reminds the international community of the horrific axe murder of Armenian lieutenant Gurgen Margaryan , committed by Azerbaijani lieutenant Ramil Safarov during a NATO-sponsored course.

The ANCC condemns the pardoning and rewarding of this convicted killer by the government of Azerbaijan.

On February 18, 2004, while both men were participating in a NATO-sponsored course in Hungary, Azerbaijani lieutenant Ramil Safarov axed to death Armenian lieutenant Gurgen Margaryan, when the latter was sleeping. Safarov subsequently admitted to the murder, and was convicted by a Hungarian court and sentenced to life in prison for his heinous act. Hungary had consistently refused extradition until August 2012, when it allowed Safarov to return to Azerbaijan, under assurances and promises by Azerbaijani officials that he would serve out his full prison term. However, upon his arrival in Azerbaijan, Safarov was welcomed as a hero, received a full presidential pardon by Azerbaijani President Ilham Aliev and was promoted to a Major rank in addition to receiving various compensations.

In recent weeks, Azeri forces attacked Armenian positions on more than one occasion on the Nagorno-Karabakh Republic’s border, resulting in the death of an Armenian soldier and the wounding of a 16 year-old youngster.

These recent violations of the ceasefire in the Nagorno-Karabakh conflict represent an escalation of the on-going disregard by Azerbaijan for the OSCE Minsk Group efforts to solve the conflict peacefully. The OSCE Minsk Group was created in 1992 by the Conference on Security and Cooperation in Europe (CSCE), now renamed Organization for Security and Co-operation in Europe (OSCE). Canada is a member of the OSCE which is headed by a French, Russian and American co-chairmanship.

Azerbaijan’s latest actions are another clear example of how the Aliev regime continues to incite ethnic hatred and violence, and threaten peace in the region; all in an effort to deflect focus away from its own corrupt practices. With a track record of complete disregard for international law, and continuous abuse of human rights, Azerbaijan cannot be trusted as a credible partner to the Nagorno-Karabakh peace process brought forth by the OSCE Minsk Group.

The extradition and pardoning of Safarov in 2012 raised concerns in the OSCE Minsk Group’s co-chairmanship countries of Russia, France and the United States (where both the White House and Congressional leaders strongly expressed their concerns regarding Azerbaijan’s actions). On the other hand, Hungarian officials had said that they acted in good faith.

“Political leaders in Canada and throughout the world should condemn Azerbaijan’s blatant disregard for international law and its ongoing belligerence. The world community must now demonstrate that Azerbaijan cannot continue its unlawful and inhumane actions. This notorious human rights abusing regime, headed by Aliev, is, once more, characterized as ‘murderous’ “, stated ANCC President Dr. Girair Basmadjian,

***

The ANCC is the largest and the most influential Canadian-Armenian grassroots human rights organization. Working in coordination with a network of offices, chapters, and supporters throughout Canada and affiliated organizations around the world, the ANCC actively advances the concerns of the Canadian-Armenian community on a broad range of issues.

ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը 19 փետրուար 2004-ին Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ դասընթացքի մը ընթացքին ազրպէյճանցի գնդապետ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ հայ գնդապէտ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան վերաբերեալ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յիշեցնէ քնացող հայ սպայի կացինով սպանութեան դէպքը՝ նշելով, որ հունգարական դատարան մը Սաֆարովը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց եւ աւելցնելով, որ Հունգարիա շարունակ մերժեց ոճրագործը արտայանձնել, սակայն Օգոստոս 2012-ին ազրպէյճանցի պաշտօնատարներէն երաշխիքներու եւ խոստումներու վրայ հիմնուելով՝ Սաֆարովը արտայանձնեց Ազրպէյճանի, իր բանտարկութեան մնացեալ տեւողութիւնը այդտեղ շարունակելու համար։ Բայցեւայնպէս, Ազրպէյճան հասնելէ ետք Սաֆարով հերոսի ընդունելութեան արժանացաւ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներումի արժանացաւ եւ հազարապետի պաշտօնին բարձրացուեցաւ, ինչպէս նաեւ ութը տարուան ամսականները եւ Պաքուի մէջ հարկաբաժին մը ստացաւ։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան յայտնեց, որ «Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ եւ անոր վարչակարգը շարունակ Աշխարհին ցոյց տուած են իրենց, նենգ, ռազմատենչ եւ ոճրային բնոյթը։ Գանատայի եւ ամբողջ աշխարհի քաղաքական ղեկավարներուն կոչ կ՚ուղղենք դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային օրէնքի բացայայտ անտեսումն ու ռազմատենչութիւնը։ Միջազգային ընտանիքը այժմ պէտք է ցոյց տայ, թէ Ազրպէյճան չի կրնար ապօրինի եւ անմարդկային իր ընթացքը շարունակել։ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի նենգ, ռազմատենչ եւ մարդկային իրաւունքները ոտնահարող վարչակարգը աշխարհահռչակ է, եւ աշխարհը ներկայիս Ալիեւի յատկանշումներուն վրայ պիտի աւելցնէ «ոճրային»-ը»։

Հաղորդագրութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան շրջանին մէջ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ հայկական դիրքերու դէմ կատարուած յարձակումներուն վրայ՝ նշելով, որ անոնք զինադադարի դրութեան ազրպէյճանական կողմի խախտումներուն մէջ մագլցում մըն են եւ անտեսում մը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որ ստեղծուած է 1992-ին ԵԱՀԿ-ի կողմէ, որուն անդամ է Գանատան։

Ազրպէյճանի վերջին արարքներ յաւելեալ մէկ յստակ փաստ մըն է, թէ Ալիեւի վարչակարգը կը շարունակէ ցեղապաշտ ատելութիւն եւ բռնարարքներ հրահրել, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը վտանգել՝ Ալիեւի փտածութենէն, միջազգային օրէնքներու անտեսումէն եւ մարդկային իրաւունքները բռնաբարելէն ուշադրութիւն շեղելու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի ԵԱՀԿ-ի կողմէ հաստատուած խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ Ազրպէյճանը կարելի չէ վստահելի գործընկեր մը նկատել։

Գանատա պէտք է ոչ միայն դատապարտէ 2012-ին շնորհուած ներումը, այլ նաեւ Ազրպէյճանի կոչ ուղղէ՝ ետ կանգնելու արարքներէ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծումը կը վտանգեն։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը բուռն կերպով կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան դէմ վերջերս կատարուած յարձակումները։ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան յայտնեց, որ «վերջին յարձակումները յաւելեալ ցուցանիշ մըն են, թէ Ազրպէյճանի հիմնական նպատակը պատերազմ մղել եւ հայերը տարածաշրջանէն ջնջելն է։(…) Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ուղղուած շարունակուող սպառնալիքները մեզ կը համոզեն, որ հայ ժողովուրդին կողմէ որեւէ զիջում պիտի վտանգէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ ապրող հայերու կեանքերը»։

Տոքթ. Պասմաճեան աւելցուց, որ «Գանատա պէտք է առաջին՝ դատապարտէ այս յարձակումները, երկրորդ՝ ճնշում բանեցնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին վրայ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցիչները ներառէ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն մէջ՝ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու համար»։