ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Նորա Յովսէփեան հարցազրոյց տուած է Հորիզոն հայկական հեռուստաընկերութեան Փարոս հաղորդման ու անդրադարձած Քալիֆորնիոյ նահանգի նախնական ընտրութիւններուն մասնակցող եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի աջակցութիւնը ունեցող թեկնածուներուն ինչպէս նաեւ Հայ Վօթս նախաձեռնութեան աշխատանքին:
Յովսէփեան յիշեցուց որ Մայիս 31ն՝ փոստի ճամբով քուէարկելու համար դիմում յայտնելու ժամկէտն է ու կոչ ըրաւ հայութեան, որ աշխոյժ մասնակցութիւն բերէ այս ընտրութիւններուն։
Անոնք, որոնք ցարդ չեն արձանագրուած քուէարկութեան կամ յաւելեալ տեղեկութեանց կարիքը ունին, կրնան դիմել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Հայ Վոթս» յանձնախումբին՝ (818) 806-8683 թիւով, կամ այցելել www.hyevotes.org կայքը։
Առցանց դիմումներ կատարելու համար այցելել www.ancawr.org/2016Elections կայքէջը: