«ԱԶԴԱՐԱՐ» – Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2014ի առաւօտեան ժամը 10:00ին, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու Հայոց Թեմի կաթողոկոսական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան եւ ազգային մարմիններու կողմէ ներկայացուցիչ՝ Պրն. Եղիա Կարպուշեան եւ Հայ Դատի Քուէյթի յանձնախումբի ատենապետ՝ Պրն. Տիգրան Պայաթեան այցելեցին Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ բողոքի նամակ մը յանձնեցին Ա. քարտուղար Պրն. Օվի Հաութըրին:
Պրն. Հաութըր, Զուիցերիոյ դեսպանին երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, անձամբ ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Կարճատեւ հանդիման ընթացքին Հայր սուրբը յայտնեց իր բողոքը Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի որոշումին, ինչպէս նաեւ խնդրեց զօրակցութիւն՝ զուիցերիական իշխանութիւններուն մերժել ու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի գերագոյն ատեանին: