Ապրիլ 11֊ին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ կայացած պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, Գանատայի խորհրդարանի Հայաստան֊Գանատա բարեկամութեան խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ եւ ընտրեց իր նոր ներկայացուցչական կազմը։ Հանդիպման նախաձեռնողներն էին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մօտ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան։
Հանդիպման ընթացքին ուղերձներով հանդէս եկան Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Հայաստան֊Գանատա բարեկամութեան խմբակցութեան ընթացաւարտ նախագահ Հարըլտ Ալպրէխթ, որոնք շեշտեցին Հայաստան֊Գանատա պետական համագործակցութեան կապերը յաւելեալ զարգացման հունի մէջ դնելու անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպման աւարտին խմբակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Արնըլտ Չան, իսկ փոխ նախագահներ Ալեքսանտըր Պուլրիս, Հարըլտ Ալպրէխթ եւ Լինտա Լափուան։