ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզի հետ:
Շուրջ երեսուն վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպան Ճոնզին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ վերջին օրերու իրադարձութիւնները: Պատուիրակութիւնը նշեց, որ եթէ վերջին իրադարձութիւններէն կարելի է քաղել դասեր, ապա անոնցմէ առաջինը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը չի կրնար մաս կազմել ամբողջատիրական պետութեան մը, որուն նպատակը իր բնաջնջումն է: Պատուիրակութիւնը աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաջարի ժողովուրդը կրնայ զարգանալ միայն ազատ, ժողովրդավար եւ անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:
ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին փոխանցեց իր մտահոգութիւնը 1994-ին զինադադարի հաստատումէն ի վեր ազրպէյճանական կողմէն այդ դրութեան խախտման դիմաց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ ընդհանրական եւ յանցագործն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնող յայտարարութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ ազրպէյճանական կողմը այդ քաղաքականութիւնը մեկնաբանած է իբրեւ «կանաչ լոյս» ոչ միայն խախտումները շարունակելու, այլ նաեւ կացութիւնը հետզհետէ մագլցումի մղելու, ինչ որ ի վերջոյ յանգեցաւ վերջին օրերուն արձանագրուած լուրջ կռիւներուն ու բազմաթիւ զոհերուն, որոնց շարքին էին նաեւ քաղաքայիններ:
Պատուիրակութիւնը իր վերոնշեալ տեսակէտները պարզաբանող պաշտօնական նամակ մը յանձնեց դեսպանին, որ զայն կարդալէ ետք նշեց, թէ ատոր բովանդակութիւնը բաւական կը յստակացնէ տիրող կացութեան իրականութիւնը:
Դեսպան Ճոնզ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց արձանագրուած վերջին զարգացումներուն մասին, անոնց վերաբերեալ ուղղեց հարցումներ, որոնց անհրաժեշտ լուսաբանումները տուին պատուիրակութեան անդամները:
Դեսպան Ճոնզ հասկացողութիւն ցուցաբերեց պատուիրակութեան արտայայտած մտահոգութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ այս հանդիպումին մասին պիտի զեկուցէ եւ իրեն յանձնուած նամակին պատճէնը պիտի փոխանցէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան:
Նախքան Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն այցելելը, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ դեսպանատան առաջին քարտուղար, քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Մաչիէյ Կոլուպիեւսքիի հետ:
Պատուիրակութիւնը Կոլուպիեւսքիին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ տիրող կացութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Ազրպէյճանի կազմ վերադարձի անկարելիութիւնը եւ Եւրոպական Միութենէն իր ակնկալութիւնները: Պատուիրակութիւնը նաեւ նշեալ կէտերը ներառող նամակ մը փոխանցեց Եւրոպական Միութեան դեսպանատան առաջին քարտուղարին:
Կոլուպիեւսքի խոստացաւ նամակը փոխանցել Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին եւ Եւրոպական Միութեան մէջ Կովկասեան քաղաքականութեան ղեկավարին:
nna-leb.gov.lb
وفد من الطاشناق ولجنة الدفاع عن القضية الأرمنية عرضا مع جونز ودبلوماسي في سفارة الاتحاد الأوروبي أوضاع كاراباغ
الأحد 10 نيسان 2016 الساعة 18:57
وطنية – أعلن حزب “الطاشناق”، في بيان، ان وفدا من اللجنة المركزية للحزب ولجنة الدفاع عن القضية الارمنية، زار سفارة الولايات المتحدة الأميركية، حيث التقى السفير ريتشارد جونز و”بحثا في آخر تطورات كاراباغ، ونقل الوفد الى جونز حقيقة الاعتداء الذي تعرضت له جمهورية كاراباغ من قبل اذربيجان في الايام الماضية”.
أضاف الحزب، أن الوفد قال لجونز إن “العبرة الأساسية التي يمكن أن نستخلصها من هذا الاعتداء، هي أن جمهورية كاراباغ لا يمكنها أن تعود مقاطعة ضمن اذربيجان التي تسعى الى ابادة شعب كاراباغ الارمني، وذربيجان لا تزال تعتبر موقف مجموعة مينسك المحايد ازاء الخروقات بمثابة ضوء اخضر للتمادى في الخروقات وتصعيد الموقف بشكل غير مسبوق منذ عام 1994 والاعتداء المباشر على اراضي كاراباغ”.
ونقل عن جونز أنه أبدى “اهتماما بشأن التطورات الاخيرة في كاراباغ، كذلك اعرب عن تفهمه ازاء قلق وفد حزب الطاشناق، واضاف انه سيرفع تقريرا عن هذا اللقاء والافكار المتداولة فيه الى وزارة خارجية بلاده”.
كذلك، زار الوفد سفارة الاتحاد الاوروبي، حيث التقى مسؤول الشؤون السياسية السكرتير الاول في السفارة ماتشيه غولوبيفسكي.