Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Սիրոսի քաղաքապետութեան գործակցութեամբ, այս տարի եւս Սիրոս կղզիին մէջ հիւրընկալուեցան Արցախէն ժամանած հայորդիներ եւ անոնց պատասխանատուները։
Արցախցի հիւրերուն Աթէնք վերադարձին առիթով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կոմիտէն հանդիպում մը ունեցաւ խումբի պատասխատատուերուն հետ՝ գլխաւորութեամբ Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լուտմիլա Բարսեղեանի, որուն կ՚ընկերակցէին Արցախի պետական հեռուստասեսութեան լրագրող Սօֆիա Իվանիտիս եւ նկարահանող Մերուժան Հայրապետեան։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։ Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Սիրոս կղզիի մէջ հիւրընկալութեան եւ տպաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ կղզիին մէջ ազգագրական ժողովրդական երգերով ու պարերով Արցախի պատանիներուն գեղարուեստական փայլուն ներկայացման վրայ։ Նշենք, որ պատանիները կ՚ուսանին Արցախի Մանկապատանեկան Կեդրոնին մէջ, որուն գործունէութեան մասին պատուիրակութիւնը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց։
Այնուհետեւ պատուիրակութեան զեկուցուեցաւ յունահայ գաղութի ազգային, կրօնական եւ միութենական պատմութեան եւ կեանքին, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի աւելի քան քսան տարիներու ծրագրին՝ ամէն ամառ Սիրոս կղզիի քաղաքապետութեան գործակցութեամբ Արցախէն պատանիներու հիւրընկալութեան մասին։