Օգոստոս 16-ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած աւանդական փառատօնին տուած իր այցելութեան ընթացքին, Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի յատուկ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան նախարարին իրազեկ պահեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին ընտրութիւններուն գծով՝ Հայ Դատի յանձնախումբի յառաջիկայ շարք մը ծրագիրներուն մասին: Նախարարը իր կարգին գնահատեց Գանատայի հայ համայնքը, զայն նկատելով գանատայի ամէնէն տիպար եւ օրինակելի համայմնքներէն մէկը: