Չորեքշաբթի 6 Ապրիլ 2015-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կիպրոսի Համայնավար ԱՔԷԼ կուսակցութեան ղեկավար Անտրոս Կիպրիանուի եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչ Յակոբ Մանուկեանի միջեւ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, քննուեցան Կիպրոսն ու հայութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական ու մամլոյ մակարդակներու վրայ, երկու կազմակերպութիւններու և իրենց յարակից միութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Համայնավար ղեկավարը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կիպրոսի պատուիրակութեան յանձնեց Եւրոպայի Ձախակողմեան կուսակցութիւններու պլոքի կողմէ՝ Եւրոխորհրդարարանի ներկայացուած թղթածրարը, հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերու կապակցութեամբ:
Հանդիպումի աւարտին, Կիպրիանու, Այնէճեան և Մանուկեան պատասխանեցին ԱՔԷԼի կեդրոնը հաւաքուած՝ Կիպրոսի հեռատեսիլի կայաններու եւ տպագիր մամլոյ ներկայացուցիչներու հարցումներուն:
Նկար – Ձախէն՝ Սիմոն Այնէճեան, Անտրոս Կիպրիանուի, Յակոբ Մանուկեան