ARF Delegation Meets with President Sarkisian in DC

(ARMENIAN WEEKLY) WASHINGTON — An Armenian Revolutionary Federation (ARF) delegation headed by ARF Bureau member Khatchig Mouradian met with Armenia’s President Serge Sarkisian.

ARF Eastern Region Central Committee Chair Hayg Oshagan and member Hovsep Avakian, and Armenian National Committee of America (ANCA) Executive Director Aram Hamparian were part of the delegation that engaged in an hour-long discussion of issues surrounding Armenia’s domestic concerns and foreign policy; the Syrian crisis, especially as it relates to Syrian Armenians; the Republic of Artsakh; a U.S.-Armenia Trade and Investment Framework Agreement (TIFA); and the Armenian Genocide Centennial commemorations in the U.S. and worldwide.

Armenia’s Foreign Minister Eduard Nalbandyan, Armenia’s Ambassador to the U.S. Tigran Sargsyan, and Chief of Staff Vigen Sargsyan took part in the meeting.

 

Photo: ARF Bureau member Khatchig Mouradian speaking during the May 6 meeting

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

(ԱՍՊԱՐԷԶ) ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայիս 6-ի յետմիջօրէին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ներկայացուցիչ Հայկ Օշական եւ Յովսէփ Աւագեան, իրենց կողքին ունենալով Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեանը գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ տեսակցութիւն մը ունեցան:
Հ.Յ.Դ.-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեան:

Նախագահ Սարգսեանի կողքին, իր իջեւանած պանդոկին մէջ կատարուած այս հանդիպման մաս կը կազմէին Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Ուաշինկթընի մօտ դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ անձնակազմի անդամ Վիգէն Սարգսեան:
Մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, որոնց կարգին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին համաձայնագիրը, Սուրիահայութեան իրավիճակն ու Արցախի հիմնահարցը:
Նշենք թէ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուաշինկթըն կատարած աշխատանքային այցելութեան առաջին օրը սկսաւ Ծերակոյտէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումով, որուն մասնակցեցան Ճէք Ռիտ (Րոտ Այլընտ), Ռապըրթ Մենենտէս (Նիւ Ճըրզի), Ճոն ՄըքՔէյն (Արիզոնա), եւ Ծերակոյտի Հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄըքՔանըլ:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ։
Այցելութեան երկրորդ օրը նախագահ Սարգսեան այցելեց Ուաշինկթընի Ողջակիզումի թանգարան, Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի գրադարան, ուր ծանօթացաւ գրադարանի հայկական ցուցանմոյշներուն:
Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։