ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան, Եղիա Թաշճեան եւ Ճօ Զուլիքեան, այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին:
Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը վեր. դոկտ. Հայտոսթեանը շնորհաւորեց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակին, ինչպէս նաեւ վեր. դոկտ. Հայտոսթեանի` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ ընտրութեան առիթով:
ՀՅԴ Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը նաեւ ամփոփ գիծերով վեր. դոկտ. Հայտոսթեանին ներկայացուց իր աշխատանքները: Ապա, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հայկական աշխարհին մէջ ստեղծուած ներկայ կացութեան լոյսին տակ իր մտածումները պարզեց, ինչպէս նաեւ միջազգային զարգացումներու լոյսին տակ ներկայացուց իր յորդորները Հայ դատի աշխատանքները աւելի ազդու կերպով կազմակերպելու գծով: