Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատան հաստատումը կ՚ամրապնդէ մեր պետականութեան շահերը

Գանատան առաջին պետութիւններէն էր, որ Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումէն անմիջապէս ետք ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը՝ 1991 թուականին։ 1992 թուականի Յունուար 31-ին, Գանատան եւ Հայաստանը պաշտօնապէս հաստատեցին դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւններ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1995 թուականին Օթթաուայի մէջ բացաւ իր դեսպանատան դռները։ Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Օթթաուայի դեսպանատան բացումէն 27 տարի ետք, 29 Յունիս 2022-ին, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Գանատան դեսպանատուն մը պիտի հաստատէ Հայաստանի մէջ։

Իր խօսքին մէջ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը յատկապէս շեշտադրեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղուած Գանատայի պետական աջակցութեան կարեւորութիւնը, որ իսկապէ՛ս պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական արժէքներու տարածման, քաղաքական համակարգի վերահսկողութեան ապահովման, դատական համակարգի բարեփոխման եւ տնտեսութեան կայունացման ուղղուած գործընթացին։

Ժողովրդավարութիւնը ժամանակակից քաղաքակրթուած հասարակարգի զարգացման նախապայմանն է, եւ այսօրուան դրութեամբ, Երեւանի մէջ գործող ոչ մէկ վարչակարգ չի կրնար ժողովրդավար դասուիլ, այնքան ատեն որ գործող իշխանութիւնները կ՚անտեսեն սահմանադրութիւնը։ Այս իմաստով, այսօր, աւելի քան կարեւոր է գանատական ժողովրդավարութեան ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան ներքաղաքական օրակարգին մէջ, երբ հիմանականօրէն կը բացակային օրէնքի բացարձակ գերակայութիւնն ու դատական համակարգի անկախութիւնը։

Միաժամանակ Գանատա-Հայաստան տնտեսական ներդրումներու եւ առեւտրական յարաբերութիւններու իրաւապայմանագրային ծիրը ընդարձակելու գծով նորահաստատ դեսպանատունը ունի յոյժ կարեւոր առաքելութիւն, որ ապագային պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսութիւնը հիւսիսային Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներու չափանիշներուն մերձեցնելու եւ միջազգային համարժէք որակի ու մակարդակի բարձրացնելու։

Գանատական դեսպանատան գործօն առկայութիւնը աներկբայօրէն պիտի նպաստէ նաեւ հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կայունութեան, համագործակցութեան, անվտանգութեան ու խաղաղութեան հաստատման ուղղուած աշխատանքներուն եւ Հայաստանն ու Արցախը պիտի վերածէ Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան ուշադրութեան արժանի աշխարհագրական առանցքային շրջաններէն մէկը:

Գանատահայութեան հաւաքական կամքը ներկայացնող մեծագոյն քաղաքական կազմակերպութիւն, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ հեռատես փորձառութեամբ, տասնամեակներ առաջ Գանատայի  տարածքին կեանքի կոչեց Հայ Դատի յանձնախումբերը, որոնք այսօրուան դրութեամբ, վիթխարի ճանապարհ կտրած են Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտի ամրապնդման ուղղութեամբ։

Անցնող երկու տասնամեակներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գանատական դեսպանատան մը հաստատումը եղաւ Հայ Դատի յանձնախումբի կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը, հիմնուած՝ գանատահայութեան տարիներու վրայ երկարող պահանջքին ու բաղձանքին վրայ, եւ այդ ուղղութեամբ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերու կամաւոր եւ բազմաբեւեռ ծառայութիւնը ուղղուեցաւ այս նախաձեռնութեան յաջողութեան։ Այս ծիրէն ներս, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը եւ յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը նպատակաուղղուած արշաւ ծաւալեցին համագանատական առումով, յատկապէս մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, դաշնակցային օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակի վրայ:

Դեսպանատունը ներազդեցութեան լծակ պիտի հանդիսանայ Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան մօտ՝ Արցախի բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ պատերազմէն ետք պարտադրուած մեկուսացման վերացման համար, եւ ենթածիրէն ներս, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ջանք պիտի չխնայէ, որպէսզի Արցախի բնակչութեան ազատ ինքնորոշման, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ ազատ տեղաշարժման գծով նորահաստատ դեսպանատունը կատարէ իր առաքելութիւնը։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին համար սկզբունքային հիմնախնդիրներ եղած են Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, կայունութեան ու զարգացման հետեւողական ապահովումը, Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք բազմակողմանի կապերու ամրապնդումը, հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու միջեւ փոխըմբռնման, միասնութեան եւ համախմբուածութեան մթնոլորտի ապահովումը։ Այս ուղղութեամբ, յանձնախումբը տարիներու ընթացքին կատարած է ընդգրկուն, լայնածիր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք, իսկ գանատական դեսպանատան հաստատման իրագործումը՝ պատմականօրէն եւ քաղաքականօրէն շրջադարձային է, որ միայն ու միայն պիտի նպաստէ հայութեան պետական շահերուն։

«Հորիզոն»