ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Իրաքի դեսպանատան յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ եղբայրական Իրաքի հողերուն ռմբակոծումը եւ իրաքցի ժողովուրդի կողքին կը կանգնի` սգալով անմեղ կեանքերուն կորուստը:
«Իրաքի դէմ կատարուած այս ոտնձգութիւնը շարունակութիւնն է ոճրային այն քաղաքականութեան, զոր դարերէ ի վեր կը կիրարկէ Թուրքիան, եւ որուն ականատեսը կը դառնանք Սուրիոյ, Արցախի եւ այլ շրջաններու մէջ: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ կ՛ողջունէ մեր աշխարհի ժողովուրդներուն դէմ գործուած թրքական ոճիրին դէմ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը», եզրափակեց մարմինը:
Հայ դատի մարմինը երէկ նաեւ Պելճիքայի Ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Իւպեր Քուրմանին` ընդգծելով 15-րդ դարէն ի վեր հայ եւ պելճիքացի ժողովուրդներուն միջեւ հաստատուած յարաբերութիւնները:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին յիշեցուց, որ Պելճիքայի խորհրդարանն ու Ծերակոյտը ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է նաեւ Պելճիքայի նախկին վարչապետ Շարլ Միշել:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը գնահատելէ ետք Միշելի` իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջնորդական դերակատարութիւնը, յայտնեց. «Նկատի ունենալով, որ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւէ, մեր յոյսն է, որ ան պիտի շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներուն, մասնաւորաբար ինքնորոշման իրաւունքին կարեւորութիւնը»: