Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Խստիւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Կողմէ Կիրառուած Մշակութային Ցեղասպանութիւնը Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքով բռնագրաւուած հայկական հողերու մշակութային կոթողներու ճակատագրին գծով յատուկ յանձնախումբ ստեղծելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումին համար, որ կը նպատակադրէ՝ հայկական սրբատեղիներու, պատմամշակութային կոթողներու եւ տեղանուններու նենգափոխումը, ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական հետքերու ջնջումն ու այդ հարստութեան իւրացումը։

Տուեալ քայլը անգամ մը եւս կու գայ հաստատելու այն ակնյայտ փաստը, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ենթակայ է իր պատմական արմատներէն պոկուելու իսկական վտանգին: Սոյն արարքը միջազգային հանրութեան եւ փորձագիտական շրջանակներուն մօտ յստակ համոզում կը յառաջացնէ, թէ մշակութային եւ կրօնական կոթողներու, սրբատեղիներու ոչնչացումն ու սրբապղծումը ոտնձգութիւն են ժողովուրդներու արժանապատուութեան, իսկ Ատրպէյճան կը նպատակադրէ մէկընդմիշտ խափանել պատմական փորձութիւններուն դիմակայելու եւ զարգանալու հայ ազգին կարելիութիւնը։

Ան, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր հակահայկական քաղաքականութիւնը։ Եթէ Ատրպէյճանի համար Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը սկզբնական փուլով կը ծառայէր պատմութեան եւ մշակոյթի դէմ մեքենայութիւններ հիւսելու՝ արդարացնելու նախկին Ատրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութենէն հայկական բնակչութեան բռնի տեղահանումը, ներկայիս Ատրպէյճան կը միտի Արցախի դէմ ի գործ դրուած ռազմական ուժի ապօրինի կիրարկումը օրինականացնել:

Արդարեւ, Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ կիրառուած մշակութային ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ, նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան կանխարգիլելու եւ կասեցնելու Ատրպէյճանի անմարդկային եւ գազանարար արարքը, եւ զայն միջազգային ատեաններու մօտ դասելու, որպէս պատերազմական ոճիր:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Փետրուար 12, 20022թ․